«Էֆել» Աշտարակին Լոյսերը Ապրիլ 24ին Պիտի Մարին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Փարիզի աշխարահռչակ «Էֆել» աշտարակին լոյսերը Ապրիլ 24ին պիտի մարին, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն։
Փարիզի քաղաքապետի որոշումով, Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին օրը, ժամը 22ին աշտարակի լոյսերը պիտի մարին, խորհրդանշելով Փարիզի մասնակցութիւնը՝ սուգին։
Նշենք, որ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ Ապրիլ 23ին պիտի մեկնի Երեւան, Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեանց մասնակցելու համար։
Իր կարգին, վարչապետ Մանուէլ Վալս ներկայ պիտի գտնուի Փարիզի մէջ, Կոմիտասի արձանին մօտ կայանալիք ոգեկոչման արարողութեան։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.