Պուլկարիոյ Խորհրդարանը Ապրիլ 24ին Պիտի Քննէ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցը


ԵՐԵՒԱՆ, «ԹերԹ».- Պուլկարիոյ խորհրդարանը Ապրիլ 24ին պիտի քննարկէ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալու հարցը: Առաջարկը Ապրիլ 22ին խորհրդարան ներկայացուցած է «Աթաքա» ազգայնական կուսակցութեան փոխնախագահ Տեսիսլաւ Չուքալով:
Պատգամաւորներէն 105ը կողմ քուէարկած է քննարկման, 31ը՝ դէմ, իսկ 41ը՝ ձեռնպահ մնացած է:
Չուքալով յիշեցուցած է, որ Եւրոխորհրդարանը միայն քանի մը օր առաջ կոչ ըրած է ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ նշած է, որ իր կուսակցութիւնը 10 տարի է ի վեր կը փորձէ նման բանաձեւ մը վաւերացնել, սակայն ցարդ չէ յաջողած անհրաժեշտ քանակով ձայներ հաւաքել:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.