Վատիկանը Չեղեալ Յայտարարած Է Կալիպոլիի 100ամեակին Մասնակցելու Որոշումը


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հռոմի պապին դէմ թրքական իշխանութիւններու քննադատութիւններէն ետք, Վատիկան յայտարարած է, որ պիտի չմասնակցի Կալիփոլիի 100ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:

Թրքական «Տունիա» լրատուական կայքին համաձայն՝ Անգարայի մէջ Վատիկանի դեսպանատունը տեղեկացուցած է, որ Կալիփոլիի միջոցառումներուն Վատիկանը պիտի չմասնակցի, քանի որ Վատիկանի արդարադատութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդի առաջնորդը, որ պէտք է այցելէր Թուրքիա, հիւանդ է:

Նշենք, որ Ապրիլ 12ին Վատիկանի մէջ կայացած Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած պատարագին ընթացքին արտասանուած Ֆրանսիս պապի ելոյթէն ետք, թրքական իշխանութիւնները խիստ հակադարձութիւն ցոյց տուին եւ տուն կանչեցին Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.