Դեսպան Եգանեանի Հանդիպումը Գանատայի Քաղաքացիութեան եւ Ներգաղթի Նախարարին Հետ


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը կը հաղորդէ, որ Ապրիլ 20-ին Գանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան հանդիպում ունեցաւ Գանատայի քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի նախարար Քրիս Ալեքսանտրի հետ, ով պիտի գլխաւորէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առթիւ Երեւան այցելող գանատական պատուիրակութիւնը։Դեսպան Եգանեան շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին՝ Ապրիլ 24-ին հայ ժողովուրդի հետ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչելու համար։ Դեսպանը կարեւոր նկատեց հայ-գանատական բարեկամութիւնը եւ անդրադարձաւ վերջերս կայացած գանատական յաջող առեւտրական առաքելութեանը Հայաստան։

Կողմերը քննարկեցին երկկողմ յարաբերութիւններուն եւ շրջանային անվտանգութեան վերաբերող հարցերու լայն շրջանակ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.