Պիտի չմոռնանք ձեզ երբեք


Պանծալի նահատակներ հայ ազգի. ձեր ոգեղէն ներկայութեան մէջ, որպէս ուխտաւոր կը վերանորոգեմ իմ ուխտս նուիրական, ներկայ թէ բացակայ սակայն միշտ ձեզի հետ ապրող մեր ժողովուրդի զաւակներուն անունով, ու կը խոստանամ թէ՝ պիտի չմոռնանք ձեզ երբեք. ձեր նահատակութենէն եկող ամուր հաւատքով ու վառ յոյսով պիտի ապրինք, պիտի գործենք ու պիտի պայքարինք, յանուն այն բոլոր արժէքներուն ու ձգտումներուն, որոնց կենսագործման ու յաւերժացման համար դուք ձեր արիւնը թափեցիք։

Արամ Ա. Կաթողիկոս


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.