Միջ-եկեղեցական Արարողութիւն Մոնթրէալի մէջ ի յիշատակ Ապրիլեան Մեծ Եղեռնի Զոհերուն


Մոնթրէալահայ գաղութը հոգեկան սփոփանքի պահ մը ապրեցաւ, 20 Ապրիլ 2015–ին, Սէնթ Ժոզէֆ Մայր Տաճարին մէջ, ուր 3000 հայ եւ օտար հաւատացեալներու ներկայութեամբ մատուցուեցաւ միջ-եկեղեցական արարողութիւն, նուիրուած Մեծ Եղեռնի նահատակներուն, կազմակերպութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական, Հայ Կաթողիկէ եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներուն եւ մասնակցութեամբ միջ-Մոնթրէալի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդին, Մոնթրէալի Անկլիքան Եկեղեցւոյ, Անտիոքեան Եկեղեցւոյ, Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ, Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ռումանական Ուղղափառ Եկեղեցւոյ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.