Անգարայի Մէջ Խուճապ Է. Թուրքիա Եւրոպայի Մէջ Կորսնցուցած Է «Ցեղասպանութեան Պայքարը». «Ռատիքալ»ի Վերլուծաբան


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակէն քանի մը օր առաջ, Անգարա խուճապի մատնուած է, քանի որ Թուրքիա Եւրոպայի մէջ կորսնցուցած է «Ցեղասպանութեան պայքարը», Ապրիլ 21ին գրած է թրքական «Ռատիքալ» թերթի վերլուծաբան Սերքան Տեմիրթաշ:
Վերջին քանի մը շաբաթներուն զգալիօրէն աշխուժացած Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մասին գրելով, Տեմիրթաշ նշած է, որ Անգարա յատուկ ջանք կը թափէ, որպէսզի քուլիսներու ետին տիրող իրարանցումը չբացայայտուի, սակայն, ակնյայտ է, որ խիստ անհանգստացած է Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Թուրքիան դատապարտող իրարայաջորդ բանաձեւերով եւ յայտարարութիւններով:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի հրապարակած ցաւակցական ուղերձին, Տեմիրթաշ ընդգծած է, որ անոր յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, Թուրքիոյ նախորդ վարչապետ եւ ներկայ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի անցեալ տարուան ուղերձէն կը տարբերի անով, որ անիկա կատարուած է Ապրիլ 24էն ոչ թէ մէկ օր, այլ չորս օր առաջ:
Նշելով, որ Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը խիստ անհանգստացած է անով, որ, Գերմանիա եւս պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ու պիտի միանայ Ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւրոպական եւ միւս երկրներուն, մեկնաբանը նշած է. «Կարելի է ըսել, որ Թուրքիա Եւրոպայի մէջ արդէն իսկ պարտուած է «Ցեղասպանութեան պայքար»ին մէջ, ինչ որ բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ Թուրքիոյ՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու գործընթացին վրայ»:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.