Փաթրիքն ալ լուռ չմնաց


Երեքշաբթի, 14 ապրիլի իր յայտագիրի առաջին կէսը, կ.ե. ժամը 2-էն 3՝ ICI –Radio Canada FM 95.1 իր կայանին վրայ, Բեմադրիչ եւ լրագրող Փաթրիք Մասպուրեան յատկացուց Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման։ Առաջին հերթին ան հեռասփռեց վերջերս Շարլ Ազնաւուրի հետ իր ունեցած հարցազրոյցը, ապա ունկնդիրներուն ներկայացուց «Ils sont tombés» երգը, յետոյ լսեցինք, Լուսնակի կատարողութեամբ՝ «Մշոյ գոռանի»-ն, Հրայր Ապտալեանի ընկերակցութեամբ՝ ծիրանափողի՝ դուդուկի վրայ, եւ խօսակցութիւն մը երգչուհիին հետ, վերջապէս՝ նոյնպէս տեսակցութիւն մը՝ օփերայի անուանի երգչուհի Ալին Գութանի հետ ու մի քանի հոգեւոր թէ տոհմիկ երգեր՝ այս վերջինին կատարողութեամբ։  

Փաթրիք ինք մէջընդմէջ երկարօրէն անդրդադարձաւ Հարիւրամեակին, վերջին օրերուն կատարուող իրադարձութեանց՝ յատկապէս Հռոմի քահանայապետին յայտարարութեան կապակցաբար, այլեւ թուեց կազմակերպուող ձեռնարկներն ու բազմիցս շեշտեց կարեւորութիւնը մայիս 3-ին Մոնթրէալի մէջ կատարուելիք քայլարշաւին, հրաւիրելով ժողովուրդը իր մասնակցութիւնը բերելու եւ զօրակցութիւնը յայտնելու հայութեան արդար դատին։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.