Գանատայի Պաշտպանութեան Նախարար Ճէյսըն Քենի. «Գանատան կը հաւատայ յիշողութեան»


Ստորեւ 19 Ապրիլ, 2015-ին,Գանատայի պաշտպանութեան նախարար Ճէյսըն Քենիի Թորոնթոյի մէջ Միասնականութեան քայրաշաւին ընթացքին արտասանած խօսքէն հատուածներ.

«Յիշողութեան կը հաւատամ։ Բոլորս այստեղ հաւաքուած ենք, որովհետեւ բոլորս ալ կը հաւատանք յիշողութեան։ Գանատան կը հաւատայ յիշողութեան։ Ահա թէ ինչու 2002-ին, Գանատայի Ծերակոյտը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։ Ահա թէ ինչու 2004-ին Ներկայացուցիչներու տունը, բանաձեւով մը, զոր հովանաւորելու պատիւը ունեցած եմ, ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։ Եւ ահա թէ ինչու 2006-ին Գանատայի կառավարութիւնը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը։

«Ահա թէ ինչու նորակառոյց Գանատական մարդկային իրաւանց ազգային թանգարանին մէջ, որ կը գտնուի երկրին կեդրոնը՝ Ուինիփեկի մէջ, մնայուն ցուցադրութիւն մը կայ 20-րդ դարու մեծագոյն ցեղասպանութիւններու, ներառեալ եւ մասնաւորաբար Հայոց ցեղասպանութեան՝ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան։

«Ահա թէ ինչու անցեալ ամառ պատիւը ունեցայ գանատացիները ներկայացնելով Հայաստանի մէջ Երեւանի մօտ գտնուող Ծիծեռնակաբերդ այցելելու եւ իմ եւ բոլոր գանատացիներուն յարգանքի տուրքը մատուցելու ցեղասպանութեան 1,4 միլիոն զոհերուն։ Եւ ահա թէ ինչու գործընկերս երեսփոխան Պրետ Պաթ ներկայացուցած է թիւ 587 բանաձեւը, որ Ապրիլը կը ճանչնայ իբրեւ ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիս՝ ճանչնալով Հայոց ցեղասպանութիւնը, Հոլոտոմորը (ուքրանական սովասպանութիւն), Ողջակիզումը եւ ռուանտական ցեղասպանութիւնը»։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.