Թուրքիա, Եգիպտոս, Փաքիստան եւ Բրիտանիա՝ առանցքային միջնորդներ Մերձաւոր Արեւելքի լարուածութեան նուազեցման մէջ

Վերջին 48 ժամերուն ընթացքին Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմական իրավիճակի առաւել թէժացման վտանգը ժամանակաւորապէս նուազած է՝ միջազգային միջնորդական աշխուժ ճիգերու շնորհիւ։ Ըստ Axios-ի եւ Reuters-ի տեղեկութիւններուն, շարք մը երկիրներ՝ յատկապէս Թուրքիան, Եգիպտոսը եւ Փաքիստանը, առանցքային դեր ստանձնած են՝ հաղորդակցական ուղիներ բաց պահելով Ուաշինթընի եւ Թեհրանի միջեւ։

Նշուած երկիրներու բարձրաստիճան պաշտօնեաները առանձին հանդիպումներ եւ հեռախօսազրոյցներ ունեցած են Միացեալ Նահանգներու յատուկ բանագնաց Սթիվ Ուիթքոֆֆի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Աբբաս Արաղչիի հետ՝ փորձելով նուազեցնել լարուածութիւնը եւ յառաջ մղել երկխօսութիւնը։

Միեւնոյն ժամանակ, Օման շարունակած է իր աւանդական միջնորդական դերակատարութիւնը՝ Ժընեւի եւ Մասքաթի մէջ կազմակերպելով անուղղակի շփումներ։ Այս ջանքերը ուղղուած են մասնաւորաբար Հորմուզի նեղուցի վերաբացման հարցին շուրջ համաձայնութեան հասնելուն։

Միջնորդական գործընթացին միացած է նաեւ Բրիտանիան։ The Guardian-ի համաձայն, Լոնտոն ոչ միայն աջակցած է բանակցութիւններուն, այլեւ ուղղակիօրէն ներգրաւուած եղած է դիւանագիտական խողովակներու գործունէութեան մէջ՝ փորձելով կանխել տարածաշրջանի կենսական ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու թիրախաւորումը։

Այս բազմակողմանի ճիգերու արդիւնքով, Իրանը փոխանցած է իր պատրաստակամութիւնը՝ քննարկելու նաւագնացութեան վերականգնումը, ինչ որ հիմք հանդիսացած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ յայտարարուած ռազմական գործողութիւններու հինգօրեայ յետաձգման համար։

Չնայած Թեհրանի որոշ շրջանակներու հրապարակային ժխտումներուն, միջնորդները կը շարունակեն իրենց աշխատանքը փակ դռներու ետին՝ նպատակ ունենալով վերջնական համաձայնութեան հասնիլ նախքան նոր ժամկէտի լրանալը։