Քեսապի մօտակայ բարձունքներուն վրայ ահաբեկիչներու յարձակումները ետ մղուած են


«Հորիզոն».- Արաբական շարք մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Ապրիլ 18-ին ծայրայեղական իսլամական «Ժապհաթ Ալ Նուսրա» կազմակերպութեան կողմէ Քեսապի վրայ կատարուած է յարձակում, որ սակայն ետ մղուած է սուրիական բանակին կողմէ։

 Վերոնշեալ լրատուութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալու համար, «Հորիզոն» կապ հաստատեց «Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմնի» Քեսապի գործադիր պատասխանատու Կարօ Մանճիկեանի հետ, որ հաստատեց, թէ յարձակում իսկապէս կատարուած է, սակայն բախումները տեղի ունեցած են Քեսապի վարչական անմիջական տարածքէն դուրս՝ Քեսապի մօտակայ Րապիա շրջանին մէջ։ Ըստ Մամճիկեանի, անցնող 10 օրերուն սուրիական բանակը ոչ միայն ետ մղած է «Ժապհաթ Ալ Նուսրա»ի կողմէ շղթայազերծուած ՚չորս յաջորդական յարձակումները, այլեւ՝ հակայարձակումի անցնելով գրաւած է ռազմագիտական կարեւորութիւն ունեցող թիւ 803 եւ թիւ 767 բարձունքները։ Բախումներու ընթացքին սպաննուած է «Ժապհաթ Ալ Նուսրա»ի ղեկավարներէն Նիզար Թուրքմէն։

 Կարօ Մանճիկեան նաեւ յայտնեց, որ Քեսապի բնակչութեան 80-90 տոկոսը վերադարձած են իրենց բնակավայրը եւ կը պատրաստուին ամառնային բերքահաւաքին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.