Գերմանիոյ Արտաքին Գործերու Նախարարութեան Ճնշումով Ցեղասպանութիւն Բառը Հանուած Է Յայտարարութեան Բնագրէն


ՊԵՐԼԻՆ, «Փանորամա».- «Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան մէջ բնակող հայերու բնաջնջումը հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութեան ամենամեծ եւ լրջագոյն հետեւանքներ ունեցած աղէտն էրօ. այսպիսի ձեւակերպում տրուած է Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ապրիլի 24ին քուէարկութեան դրուելիք յայտարարութեան բնագրին մէջ:

Աւստրիական Die Presse պարբերականը, յղում կատարելով Գերմանական լրատուական գործակալութեան, կը գրէ, որ յայտարարութիւնը արդէն պատրաստ է եւ անոր բնագրին մէջ չկայ Ցեղասպանութիւն եզրը:
Յայտարարութեան մէջ, սակայն, կոչ կ՛ուղղուի Անգարային վերջ տալու փաստերը ժխտելու վարքագիծին:

Աւստրիական պարբերականը կը յայտնէ, որ կառավարութեան մաս կազմող կուսակցութիւններու անդամ պատգամաւորները վերջին շրջանին մեծ ճնշում գործադրած էին կառավարութեան վրայ Ցեղասպանութիւն բաղը ներառնելու յայտարարութեան բնագրին մէջ, սակայն չէին կրցած յաջողութեան հասնիլ:

Հրապարակման մէջ նաեւ կը նշուի, որ այս բացթողումը հնարաւոր է լրացուի, եթէ մինչեւ Ապրիլ 24ի քուէարկութիւնը յանձնաժողովներու քննարկումներու շնորհիւ կարելի ըլլայ Ցեղասպանութիւն բառը մտցնել յայտարարութեան բնագրին մէջ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.