Թորոնթոյի թուրքերը հայերուն դէմ հակացոյցի կը պատրաստուին


Գանատայի Թրքական ընկերակցութեան (Turkish Society of Canada) ե-նամակի հասցէով Ապրիլ 14-ին սփռուած հաղորդագրութիւն մը, Թորոնթոյի թուրք համայնքը կը հրաւիրէ Ապրիլ 19-ին Թորոնթոյի մէջ հայ համայնքի կազմակերպած  «Միութեան քայլարշաւ»ին դէմ հակացոյցի։ Հաղորդագրութիւնը կոչ կ՚ուղղէ Թորոնթոյի եւ շրջակայ արուարձաններու թուրքերուն, որ իրենց ընտանիքներով եւ թրքական դրօշներով ներկայ գտնուելու հակացոյցին։

Ըստ հաղորդագրութեան, վերոնշեալ բողոքի ցոյցը յատկապէս ուղղուած է «Հայ դաշնակ լոպպի»ին դէմ, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը քինախնդրութիւն կը տարածէ եւ Գանատա-Թուրքիա բարեկամական յարաբերութիւնները «կը խանգարէ»։

Հաղորդագրութեան վերջաւորութեան կոչ կ՚ուղղուի Թորոնթոյի բոլոր թրքական կազմակերպութիւններուն, որ ներկայ գտնուին հակացոյցին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.