Ցեղասպանութիւնը Հաստատած Մահճուպեանը Պաշտօնանկ Եղած Է
ՊՈԼԻՍ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական Էթյէն Մահճուպեան հեռացուած է իր պաշտօնէն:
Վկայակոչելով թրքական «Հուրրիյէ»չ թերթը՝ «Artsakhpress.am» կը հաղորդէ, թէ Մահճուպեանի աշխատանքէ հեռացուելուն իբրեւ պատճառ կը նշուի անոր տարիքը:
Թերթը կը նշէ, թէ 65 տարիքը ամբողջացուցած Մահճուպեան աշխատանքէ հեռացուած էր Մարտ 9ին, այսինքն, երբ ան 1915ին տեղի ունեցածը Ցեղասպանութիւն կոչած էր, արդէն Տաւութօղլուի պաշտօնական խորհրդականը չէր:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ վարչապետի հայ խորհրդականը Հռոմի պապի մատուցած պատարագէն ետք եւս յայտարարած էր, որ սխալ պիտի ըլլար Ափրիկէի եւ Պոսնիոյ մէջ տեղի ունեցածը անուանել ցեղասպանութիւն, իսկ հայերու հետ տեղի ունեցածը՝ ոչ:
Յիշեցնենք, որ Մահճուպեան, զոր հեռացուցած են տարիքի անհամապատասխանութեան պատճառով, Տաւութօղլուի խորհրդականի պաշտօնին նշանակուած էր 2014ի Հոկտեմբերին:
Ան յայտնած է, թէ անպաշտօն կերպով կը շարունակէ խորհուրդներ տալ վարչապետին։