Եւրոխորհրդարանը կոչ կ՚ուղղէ Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը
1381
0
ՊՐԻՒՔՍԵԼ.- Եւրոխորհրդարանը Ապրիլ 15ին, իր լիագումար նիստին քննարկեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը:
«Հայոց Ցեղասպանութէան 100-ամեակ» խորագրուած քննարկումները կայացան լիագումար նիստի երկրորդ արարին, որուն ընթացքին ընդունուեցաւ յատուկ բանաձեւ։
Բանաձեւին մէջ կը նշուի, որ «Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաշեմին կոչ կ՚ուղղենք Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ կը խրախուսէ Եւրոմիութեան կառոյցները` նպաստելու այդ գործընթացին»:
Բանաձեւը կոչ կ՚ուղղէ նաեւ Թուրքիոյ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Բանաձեւը ընդունուեցաւ միաձայնուեամբ։
Բանաձեւը Եւրոխորհրդարանի նիստին ներկայացուեցաւ ֆրանսացի պատգամաւոր Ժան Մարի Գաւատայի եւ ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ: