Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին Առիթով՝ Արեան Տուչութեան Արշաւ Թորոնթոյի Մէջ
Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը, ձեռամբ Օսմանեան կառավարութեան, խլեց մէկ ու կէս միլիոն անմեղ հայերու կեանքեր:
Եւ Թուրքիոյ կործանարար քաղաքականութիւնը տակաւին կը շարունակուի…
Այսօր, Հայոց Ցեղասպանութենէն չորս սերունդեր յետոյ եւ Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հարիւրամեակի առիթով, աշխարհի բոլոր ծագերուն սփռուած Հայկական գաղութները միասնաբար պիտի ոգեկոչեն կեանքեր փրկելով՝ Մէկ ու Կէս Միլիոն Միաւոր Արեան Տուչութեան արշաւին ընդմէջէն:
Թորոնթոն իր մասնակցութիւնը բերաւ համաշխարհային այս ծրագիրին, Ապրիլ 12ին, երբ Օնթարիոյի Գանատահայ Բժիշկներու Կազմակերպութիւնը (ACMAO) կազմակերպեց Առողջապահական Փառատօն մը, որու ընթացքին տեղի ունեցաւ արեան եւ ցօղունային բջիջներու տուչութեան արշաւը՝ համագործակցութեամբ Canadian Blood Servicesի:
Այդ օր, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնի սրահը ողողուած էր բազմահարիւր հայորդիներով որոնք եկած էին նուիրելու իրենց արիւնը եւ ցօղունային բջիջներ: Բացումը կատարեց ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան՝ Տիար Արմէն Եգանեան որ նաեւ եղաւ առաջին նուիրատուն:
Այս ձեռանրկին մասին լայնօրէն անդրադարձան Օնթարիոյի տեղական լրատուական եւ հեռատեսիլի կայանները:
Արեան եւ Ցօղունային բջինջներու տուչութիւնը տակաւին կարելի է, Canadian Blood Servicesի մօտ:
Խաժակ