«Վերյառնումի Ս. Պատարագ» նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին

 

Շաբաթ, 11 Ապրիլի երեկոյեան ժամը 7.30-ին ներշնչիչ եւ սքանչելի մեկնաբանութեամբ մը երգուեցաւ տաղանդաւոր երաժիշտ-յօրինող Պետրոս Շուժունեանի «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ը, որ նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Համերգը կը վայելէր Առաջնորդ սրբազան հօր՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ Եպս. Բարիքեանի Օրհնութիւնը, Բաստրմաճեան Հիմնադրամի Հովանաւորութիւնը, Նախագահութիւնը Տ. եւ Տիկ. Մանուկ եւ Աննա Ջուխաճեանի, եւ Ազնուական Սատարը Տիկ. Պերթա Մինասեան-Հելլըրի եւ Տ. եւ Տիկ. Արտէն Տէրվիշեանի:

Ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանը՝ Պրն. Արմէն Եգանեան, քաղաքապետական, ազգային-քաղաքական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, եւ տեղական ու հայ կրօնական ներկայացուցիչներ:

«Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ը մեկնաբանողը Սէն Լօրան երգչախումբն էր՝ խմբավարութեամբ Ֆիլիփ Պուրքի: Նկատի ունենալով ստեղծագործութեան ծաւալուն բնոյթը եւ բարդութիւնը, երգչախումբին միացած էին Շանթր Միւզիսիէն երգչախումբը եւ ասպարէզով երգող տասնհինգ ձայներ: Առաւել՝ չորս մեներգողներ. Սաշա Ճիհանեան (սօփրանօ), Մարի-Աննիք Պէլիվօ (մեցցօ), Էլի Պէրպէրեան (թենօր) եւ Վարդան Գաբրիէլեան (պաս): Երգեհոնահարն էր Ֆիլիփ Գրոզիէ:

Պետրոս Շուժունեան զայն յօրինած էր Ս. Յակոբ Առաջ. Մայր Եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան պատուէրով: Անոնք նաեւ յառաջացուցած էին յանձնախումբ մը, որ կազմակերպական գովելի իրագործումով մը ոգեկոչման եզակի համերգը մատուցեց Մոնթրէալի գեղեցիկ ու հսկայ Էկլիզ Սէն Ժան Պաթիսթի մէջ:

Ամբողջ 1 ժամ 45 վայրկեան եկեղեցին բռնուած էր վերացումի մէջ: Պատշաճագոյն կերպ մը հայոց մէկուկէս միլիոն զոհերու յիշատակին առջեւ: Համերգին ներկայ էին աւելի քան 2000 հայ եւ օտար քաղաքացիներ։

 

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.