Ռմբակոծումներ Սուլայմանիէ Թաղամասին Վրայ. «Սիմոն Վրացեան» Կեդրոնը Վնասուած


ՀԱԼԷՊ.- Պէյրութի մեր գործակից «Ազդակ» թերթի խմբագրութիւնը կապ հաստատած է Հալէպի իր գործընկերներուն հետ, որոնք հաստատա’ են, որ Սուլայմանիէ թաղամասի վերջին ռմբակոծումներուն իբրեւ հետեւանք վնասուած է «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնը, ուր ժամանակաւորապէս փոխադրուած էր Հալէպի Ազգային Առաջնորդարանը։

«Ազդակ»ի վերջին տեղեկութիւններուն համաձայն, կան հայ վիրաւորներ, որոնց կեանքին վտանգի չի սպառնար։

Երեւանի «երկիր Մեդիա» հեռատեսիլի կայանի լրագրողը կապ հաստատելով «Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանին հետ, յաւելեալ տեղեկութիւններ ստացած է անկէ Հալէպի վերջին իրադարձութեանց մասին:

Զարմիկ Պօղիկեան յայտնած է, որ բացի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնի կրած վնասներուն, քանդուած է նաեւ Հայ կաթողիկե եկեղեցւոյ շէնքերը, կան հայ 8 վիրաւորներ: Ամբողջութեամբ կործանած են 5 բազմայարկ շէնքեր։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.