March 04, 2026
Աղասի Վարդանեան 55 օր հացադուլ պիտի կատարէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով
- (0)
ՊԸՐՊԵՆՔ, «Կլենտէյլ Նիուզ Փրէս».- Կլենտէյլի բնակիչ Աղասի Վարդանեան Ապրիլ 3ին, Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարին առջեւ տեղադրուած ապակեայ խուցի մը մէջ 55օրեայ հացադուլի մը սկսած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով։
55ամեայ Վարդանեան տասնամեակ մը առաջ 50օրեայ հացադուլ մը կատարած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 90ամեակին առիթով։
Անոր այս նախաձեռնութեան նեցուկ կը կանգնի «Crimes Against Humanity Never Again» կազմակերպութիւնը, որուն նախագահն է Յարութ Սասունեան։
Հացադուլին սկսած է առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութեան աղօթքով։
Հացադուլին կարելի է հետեւիլ www.cahna.org կայքէն։

