Զօրավար Անդրանիկի Նկարը Իրարանցում Ստեղծած Է Պաքուի Մէջ


ՊՈԼԻԱ, «Մարմարա».- Ատրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի Նարիմանովի շրջանի Մոնթին աւանի սրճարաններէն մէկուն մէջ, լուսամփոփի մը վրայ «յայտնաբերուած» է զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի լուսանկարը, իրարանցում մը ստեղծելով։
«Սթարա Փրակա» անունով սրճարանին տէրը յայտնած է, որ այդ լուսանկարը նոյն տեղը փակցուած էր երկու տարի առաջ, երբ ինք գնած էր սրճարանը եւ լուսանկարին տակ գրուած էր «Պիոտր Մոնթին», որ կը նկատուի Ատրպէյճանի մէջ գինեգործութեան հիմնադիրը։ Ան կարծած է, որ ատիկա Մոնթինի լուսանկարն է։
Լուրին հրապարակումէն ետք, շրջանի ոստիկանները այցելած են սրճարան եւ իրենց հետ տարած են Անդրանիկի լուսանկարը։
Սրճարանատէրը եւս հարցաքննութեան համար տարուած է ոստիկանատուն եւ անոր ճակատագիրին մասին լուրեր չկան տակաւին։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.