Ցեղասպանութեան Բանաձեւի Նախագիծ Ուքրանիոյ Խորհրդարանին Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Ապրիլ 3ին, Ուքրանիոյ խորհրդարանին ներկայացուած է «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին» բանաձեւի թիւ 2530 նախագիծը։
Խորհրդարանի պաշտօնական կայքին վրայ նշուած է, որ օրինագիծի նախաձեռնողն է Օտեսայէն երեսփոխան Վիթալի Պարվինենքօն:
Յիշեցնենք, որ «Երկիր»ը վերջերս Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քիեւի դիրքորոշման մասին հարցում յղած էր Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, որուն պատասխանելով՝ նախարարութիւնը պնդած էր. «Ուքրանիա Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականին տեղի ունեցած դէպքերը որպէս Հայոց Ցեղասպանութիւն չի ճանչնար»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.