Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Շաբաթ Նեւատայի Մէջ
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առթիւ, Նեւատայի նահանգապետ Պրայըն Սանտովալ հռչակագիր ստորագրած է, որուն համաձայն՝ Ապրիլի 19-26ը Նեւատայի մէջ յայտարարուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի շաբաթ:
Նման հռչակագիրով հանդէս եկած է նաեւ Նեւատայի փոխնահանգապետ, նահանգային Ծերակոյտի նախագահ Մարք Հեչիսըն: Երկու հռչակագիրներուն մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ Քոնկրեսին կոչ կ՛ըլլայ ճանչնալու հայ ժողովուրդի նկատմամբ իրականացուած վայրագութիւնները եւ Թուրքիոյ ստիպել՝ ճանչնալ պատմական փաստերը:
«Հայերու ծրագրուած սպանութիւնը եւ տեղահանութիւնը, որ տեղի ունեցած է 1915-1923 տարիներուն, խլած են 1.5 միլիոն զոհ։ Տեղահանուած են աւելի քան 500 հազար հայեր: Շատերը հաստատուած են Ամերիկա եւ այսօր Նեւատայի մէջ կ՛ապրի աճող եւ աշխոյժ հայ համայնք, որ նշեալ ծայրայեղ անարդարութենէն ետք գոյատեւելու եւ վերապրելու վառ օրինակ է», գրուած է նահանգապետի հռչակագիրին մէջ:
Իր կարգին, նահանգապետի տեղակալը Նեւատայի բնակիչներուն կոչ ըրած է բարձրացնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իրազեկումը եւ մասնակցիլ անմեղ զոհերու յիշատակի միջոցառումներուն: