Հրաչ Մուրատեանի Կնոջ Բաց Նամակը` Նախագահ Սարգսեանին. «Հրաչ Սխալեցաւ Միայն Մէկ Հարցի Մէջ»


Երկու տարի առաջ գիւղապետարանին մօտ սպաննուած` Կոտայքի մարզի Պռօշեան համայնքի ղեկավար Հրաչ Մուրատեանի կինը` Լարիսա Աղաբեկեան բաց նամակով դիմած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին: Նամակին մէջ կ՛ըսուի.

«Մեծայա՛րգ պարոն նախագահ,

Երկու տարի առաջ դաւադրաբար սպաննուեցաւ իմ ամուսինս` Հրաչ Մուրատեան: Այս սուգը մեր ընտանիքինն է եւ մենք ատիկա ոչ ոքի վիզին կ՛ուզենք փաթթել: Ես, մեր զաւակներն ու մեր մեծ, համերաշխ գերդաստանը կը փորձենք ապրիլ առանց Հրաչի, որովհետեւ ան ամբողջ կեանքին մէջ մեզի սորվեցուց այդպէս ապրիլ: Ան անձնական, ընտանեկան, նիւթական կարիքներու համար ժամանակ չունէր:

Այո՛, սուգը մերն է, իսկ կորուստը միայն մերը չէ, քանի որ ան միայն մերը չէ եղած: Հրաչը պատերազմէն ետք ալ զբաղած էր իր կեանքով հայրենի երկրին ծառայելով եւ դեռ երկար պիտի ծառայէր Հայաստանի կայացման եւ զարգացման գործին: Ազատամարտի ընթացքին իր զոհուած հերոս ընկերներուն կիսատ ձգած գործը շարունակող Հրաչ Մուրատեան յետպատերազմեան ճգնաժամ ապրող մեր երկրին մէջ ազնիւ տեսակի մարմնացում էր, որ իր ղեկավարած փոքրիկ օղակին մէջ կրցաւ ապացուցել, որ յանցաւոր գործելակերպի դէմ պատերազմը նոյնպէս անկոտրում կամք կը  պահանջէ, ուր զէնքը սրտցաւութիւնն է, աննկուն կամքը, ազնուութիւնն ու անկաշառութիւնը:

Պարոն նախագահ, Հրաչ Մուրատեան սխալեցաւ  միայն մէկ հարցի մէջ. ան չփնտռեց ներքին թշնամին, մինչ իր ինքնուրոյն եւ յստակ կեցուածքով չընդունուեցաւ համակարգին կողմէ, եւ զոհ գնաց յանցաւոր մեքենային, քանի որ անկոտրում էր եւ անդաւաճան` իր էութեան: Ատիկա կանխամտածուած եւ ծրագրուած սպանութիւն էր, որուն մասին կը վկայեն սպանութեան նախորդած ոճիրները` յարձակումները, մահափորձը: Այն ժամանակ չբացայայտուեցան այդ յանցագործութիւնները եւ անպատժելիութիւնը ի վերջոյ յանգեցուց Հրաչի սպանութեան:

Այսօր ալ, երկու տարի ետք չի բացայայտուիր  սպանութեան գործը: Պարոն նախագահ, ասիկա մարտահրաւէր է ոչ միայն մեր ընտանիքին  տոկունութեան, մեր ազգային անվտանգութեան, Հրաչին ընկերներուն, անոր գործին հաւատացողներուն, պռօշեանցիներուն եւ ամբողջ հասարակութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արդարադատութեան նկատմամբ վստահութեան, ասիկա մարտահրաւէր է նաեւ Ձեզի:

Ի վերջոյ ե՞րբ պէտք է ստանանք հարցումին պատասխանը, թէ մեր երկրին մէջ հերոսը, պետական մտածելակերպ ունեցող ղեկավարը ո՞վ եւ ինչո՞ւ կը սպաննէ եւ ե՞րբ պիտի բացայայտուի  սպանութիւնը, պիտի վերականգնի  արդարադատութիւնը եւ ե՞րբ պիտի վերանայ այս անվստահութեան եւ անպատժելիութեան մթնոլորտը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.