Վերապրողներու Հսկայ Լուսանկարները՝ Լոս Անճելըսի Զբօսայգիին Մէջ


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յիշատակման իւրօրինակ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչ Մայք Անթոնովիչի նախաձեռնութեամբ: Մէկ ամիս տեւող ցուցահանդէսի մեկնարկը պիտի կատարուի Ապրիլ 25ին, Լոս Անճելըսի «Կրենտ» զբօսայգիին մէջ: «iwitness» խորագիրը կրող ցուցահանդէսին, իրարու կից եւ ոչ համաչափ յուշարձաններու վրայ եռաչափ պիտի պատկերուին Ցեղասպսանութենէն վերապրած ականատեսներու լուսանկարները:
8-15 ոտքնոց յուշարձանները պիտի չունենան ուղիղ անկիւններ, խորհրդանշելու համար անհաւասարակշիռ աշխարհը, որ միշտ պատերազմի եւ ցեղասպանութեան վտանգի մէջ է:
Ցուցադրութեան գաղափարին հեղինակներն են Արա Օշականն եւ Լեւոն Փարեանը, ինչպէս նաեւ ճարտարապետ Վահագն Թովմասեանը:
«Այս իւրայատուկ ձեռնարկը պիտի յարգէ Հայոց Ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն զոհերու յիշատակը եւ պիտի պատմէ 20րդ դարու ամենասարսափելի կոտորածներէն ողջ մնացած ականատեսներու պատմութիւնները», նշած է Անթոնովիչ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.