Լիոնի մէջ պղծած են Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողը


Լիոնի ամե­նէն ծա­նօթ հրա­պարա­կին՝ Պէլ­քուռի կից՝ Ան­թո­նէն Փոն­սէ հրա­պարա­կին վրայ գտնո­ւող Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յու­շա­կոթո­ղը պղծո­ւած է ան­գամ մը եւս: Յուշարձանին վրայ տեղ-տեղ կատարած են հայ­հո­յալից եւ վի­րաւո­րական արձանագրութիւններ:

Յու­շա­կոթո­ղը բարձրա­ցուած էր Լիոնի քա­ղաքա­պետա­րանին նեցու­կով եւ 2006 Ապրիլին՝ անոր բաց­ման արա­րողու­թեան առթիւ տե­ղի ու­նե­ցած էր շրջա­նի ժխտող կազմա­կեր­պութիւննե­րու կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած բո­ղոքի ցոյց մը, որ ըստ երե­ւոյ­թին աջակ­ցութիւ­նը կը վա­յելէր թրքա­կան սպա­սար­կութիւննե­րուն: Ժխտողական այդ ցոյ­ցին մաս­նա­կից­նե­րը բա­խած էին լիոն­ցի լիսէական­նե­րու շարժումին, որ վրդո­ված էր հոն վան­կարկո­ւած լո­զունգնե­րէն: Ժխտո­ղական այդ ցոյ­ցին զու­գա­հեռ, ար­դէն վիրաւո­րական ար­ձա­նագ­րութիւններ կա­տարո­ւած էին յու­շա­կոթո­ղին վրայ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.