Տեմիրթաշի Նոր Ամբաստանութիւնները՝ Էրտողանի Հասցէին


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ Անգարայի մէջ մասնակցեցաւ իր կուսակցութեան նահանգային նախագահներու համաժողովին՝ դարձեալ ծանր ամբաստանութիւններ ընելով նախագահ Էրտողանի հասցէին եւ պնդելով, որ Էրտողան արգելք կը հանդիսանայ քրտական հարցի լուծման։
Իր քննադատութիւններուն առընթեր, Տեմիրթաշ աւելցուց, որ քրտական հարցի լուծման ջանքերը պիտի շարունակուին ամէն գնով եւ պնդեց, թէ իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ Էրտողանի կողմնակից մամուլը, Ժողովուրդներու ժողովրդավար կուսակցութեան յառաջդիմութենէն կը վախնան։ «Մեր զաւակներու մեռնելուն կամ չմեռնելուն մասին որոշումը կը տրուի հանրապետութեան նախագահի հոգեվիճակին համաձայն. ասիկա այսպէս չի կրնար շարունակուիլ», ըսաւ Տեմիրթաշ՝ ամբաստանելով նաեւ կառավարական շրջանակները, որոնք կը վախնան նախագահը քննադատելէն։ «Բայց Էրտողան ձե՛ր առաջնորդն է, մերը չէ», աւելցուց Տեմիրթաշ։ Ան եզրակացուց՝ ըսելով, որ Էրտողան պետութեան մէջ առանձին նոր պետութիւն մը կը փորձէ հիմնել։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.