Թոսքանա Նահանգը Եւ Փինթօ Քաղաքը Կը Ճանչնան Ցեղասպանութիւնը


Փինթոյի քաղաքապետարանի նիստը Ցեղասպանութեան ճանաչման ի նպաստ կը քուէարկէ

ՀՌՈՄ.- Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով, Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը նամակ մը յղած է Իտալիոյ բոլոր նահանգապետարաններուն ու քաղաքապետարաններուն՝ խնդրանք ներկայացնելով, որ խորհրդարանական նիստերու ընթացքին որդեգրուին Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւեր:
Այս առնչութեամբ, Թոսքանա նահանգը Մարտ 25ի խորհրդարանական նիստին ընթացքին ընդունեց բանաձեւ մը, որուն մէջ միաձայնութեամբ հաստատեց «ամբողջական զօրակցութիւն» հայ ժողովուրդին, 1915 թուականին տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան՝ Մեծ Եղեռնի 100ամեակին առթիւ, որ պիտի նշուի յառաջիկայ 24 Ապրիլին:
Բանաձեւը ներկայացուեցաւ Մաուրօ Ռոմանելլիի, Դանիէլա Լասթրիի եւ Ճանլուքա Լածերիի կողմէ: Բանաձեւին մէջ նշուած է, թէ փաստաթուղթէն նմուշ մը պիտի ուղարկուի Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդին, որպէսզի անիկա զայն փոխանցէ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան:
Մարտ 26ին, սպանական Փինթօ քաղաքի քաղաքապետարանը եւս միաձայնութեամբ ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Որոշումին մէջ կ՛ըսուի. «Փինթոյի քաղաքապետարանի լիագումար նիստը միաձայնութեամբ կը հաստատէ Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը եւ կը դատապարտէ օսմանեան թուրքերուն կողմէ մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցագործութիւնները: Այս տարի 100ամեակն է 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութեան, որուն ընթացքին սպաննուեցան 1.5 միլիոն քաղաքացիներ, իսկ 2 միլիոն հայեր ստիպուած եղան լքելու իրենց բնակավայրերը»։
Այս տարի սպանական երկու այլ քաղաքներ եւս ճանաչցած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.