Կիպրոսի Նախագահը Ապրիլ 24ին Երեւան Պիտի Ըլլայ


ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը Մարտ 24ին հաղորդեց, որ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս Ապրիլ 23-25ին Հայաստան պիտի այցելէ, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներուն մասնակցելու համար։
Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Մահտէսեանի համաձայն՝ Կիպրոսի նախագահը ընդունած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական հրաւէրը եւ Երեւան գտնուելով ու «Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցելով՝ Կիպրոսի կառավարութեան զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ հայ ժողովուրդին»։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.