ՀՅԴ 124-Ամեակի Տօնակատարութիւն՝ Ստեփանակերտի Մէջ


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ».- «Դաշնակցութիւնը յանուն Արցախի». այս խորագիրը կը կրէ ՀՅ Դաշնակցութեան 124ամեակի տօնակատարութիւններու շարքը, որ հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Արցախի տարբեր շրջաններուն մէջ: Տօնակատարութիւններուն վերջին հանգրուանը Ստեփանակերտն էր, ուր 21 Մարտին Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատի մեծ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տօնական ձեռնարկ:
Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Արցախի եւ ՀՅԴ քայլերգներով՝ «Մռակած» համոյթին եւ «Մենք ենք մեր սարերը» երգի ու պարի պետական համոյթին կատարողութեամբ: Այնուհետեւ մէկ վայրկեան լռութեամբ ներկաները յարգեցին վերջին օրերուն ղարաբաղեան-ատրպէյճանական սահմանին հերոսաբար նահատակուած զինուորներուն յիշատակը:
Ելոյթով հանդէս եկաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, որ շնորհաւորելով ներկաները՝ կարեւոր նկատեց Դաշնակցութեան անցած հայանուէր ճամբան, եւ անոր դերակատարութիւնը Արցախի ազատագրման, պետականութեան կայացման ու հայրենիքի շէնացման գործին մէջ:
Իսկ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան փոխանցեց ՀՅԴ Բիւրոյի ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքը:
Աշխարհի շուրջ երեք տասնեակ երկիրներէ շնորհաւորական ուղերձներ ուղարկած էին ՀՅԴ Արցախի կառոյցին, Արցախի ժողովուրդին՝ ՀՅԴ 124ամեակին առիթով, որ տեսաերիզով ներկայացուեցաւ ձեռնարկին:
Ելոյթով հանդէս եկաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան փոխվարչապետ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Արթուր Աղաբեկեան, որ շեշտեց. «Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ արցախցիներս՝ անկախ գաղափարական, քաղաքական մօտեցումներէն, կրնանք մէկտեղել մեր կարողութիւնները, դիմակայելու թէ՛ արտաքին եւ թէ ներքին մարտահրաւէրները: Եւ միայն այս ձեւով Արցախի ժողովուրդը կրնայ ազդակ ուղարկել եւ իր շուրջը համախմբել համայն հայութիւնը… Մենք կարողութիւնը ունինք ակնկալելու, որ ազգը կը հասնի այն գիտակցութեան, թէ Դաշնակցութիւնը պատմական ազդակ է հայ իրականութեան մէջ, եւ իր գիտակցութեան չափով նիւթապէս կը նպաստէ ՀՅԴի գոյութեան եւ գործին:
ՀՅԴն աւանդական կուսակցութիւն է եւ այդ աւանդութեան մէջ է իր միութիւնը եւ նոյնութեան գաղտնիքը: Ան այնքան անփոփոխ չի մնար, որ հիննայ ու անպէտք դառնայ հանրային կեանքի ղեկավարութեան համար, բայց նաեւ այնքան չի փոխուիր, որ դառնայ յեղյեղուկ: ՀՅԴն իր բնոյթով կը մնայ նոյնը, բայց կը յարմարի կեանքին: Փոփոխութիւնները ոչ թէ կը բեկեն, այլ՝ կը հոսին, ոչ թէ կը յեղաշրջեն, այլ՝ կը բարեշրջեն…»:
ՀՅԴի հրաւէրով Արցախ կը գտնուէր արմատներով Սուրիայէն, «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան հիմնադիր Գէորգ Շատոյեան: Տեղի ունեցաւ «Շատոյեան» նորաձեւութեան տան ժամանակակից ձեւաւորմամբ ազգային տարազներու առաջին եւ բացառիկ ցուցադրութիւնը, որ, ինչպէս իր ելոյթին մէջ նշեց հեղինակը, նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին եւ պիտի ցուցադրուի նաեւ այլ երկիրներու մէջ:
ՀՅԴ 124ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը եզրափակուեցաւ 104 տարի առաջ, ՀՅԴ 20ամեակին առիթով գրուած երգով՝ «Մենք ենք մեր սարերը» համոյթին կատարողութեամբ:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.