Ճատրակ. Յովհաննէս Կապուզեան Տիտղոսակիր` Հաուայ Կղզիին Մէջ
1109
0
Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը` Armchess.am կը հաղորդէ, որ կրանտմասթըր Յովհաննէս Կապուզեան, դարձաւ տիտղոսակիր Հաուայ կղզիին մէջ, երբ հոն տեղի ունեցած ճատրակի բաց մրցաշարքին առաւելագոյն 6 կէտէն 5,5 կէտ ապահովելով տիրացաւ տիտղոսին:
Կրանտմասթըր Ռոպերթ Աղասարեան 4,5 կէտ ապահովելով բաժնեց 2-4 դիրքերը, կ՛եզրափակէ Armchess.am: