Օճալան Կը Վերահաստատէ Զինեալ Պայքարին Վերջ Տալու Իր Կոչը


ՊՈԼԻՍ.- Քրտական բանուորական կուսակցութեան արգելափակեալ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալան վերահաստատեց Թուրքիոյ դէմ զինեալ պայքարին վերջ տալու իր կոչը: Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ողջունեց Օճալանի կոչը եւ յոյս յայտնեց, որ անիկա լուրջ ըլլայ եւ չնմանի նախկին կոչերուն, որոնք բռնարարքներու յանգեցան:
Օճալան քրտական Նոր տարուան՝ Նեւրուզի առիթով, իր յղած նամակին մէջ յոյս յայտնեց, որ Քրտական բանուորական կուսակցութիւնը զինեալ պայքարին վերջ տալու ընդհանուր ժողով մը գումարէ: «Մեր շարժումի պայքարը, որ սկիզբ առաւ 40 տարի առաջ եւ ցաւերով լի եղաւ, ի զուր չեղաւ, սակայն նոյն ատեն զայն շարունակելը դժուար է», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Պատմութիւնն ու մեր ժողովուրդը մեզմէ կը պահանջեն ժողովրդավարական լուծում մը եւ խաղաղութիւն մը, որ ժամանակաշրջանի ոգիին համահունչ ըլլայ»:
Օճալան կոչ ուղղեց գումարելու ընդհանուր ժողով մը՝ ճշդելու համար «նոր հանգրուանի ոգիին համահունչ՝ կուսակցութեան քաղաքական ու ընկերային ռազմավարութիւնը»:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.