Ապրիլ 24ին Գանատան Պետական Բարձր Մակարդակի Պատուիրտակութեամբ Ներկայ Պիտի ըլլայ Երեւան
- (0)
Գանատան 24 Ապրիլին բարձր մակարդակով ներկայ պիտի ըլլայ Երեւանի մէջ կազմակերպուելիք նախաձեռնութիւններուն: 17 Մարտին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի մօտ Գանատայի դեսպան (համատեղութեան կարգով՝ նստավայրը Մոսկուա) Ճան Ռանըլտ Քիւրի: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Քանատայի «Հայկական առեւտրային ցանց»ի նախագահ Վահրամ Փիրճանեան:
Ողջունելով հիւրերը՝ նախարար Յ. Յակոբեան գոհունակութիւն յայտնեց դեսպան Ճան Քիւրիին՝ հայ-գանատական յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերեալ փոխանցած տեղեկութիւններուն համար. ան ընդգծեց, որ Հայաստանի կառավարութեան տնտեսական քաղաքականութիւնը բաց է, եւ կառավարութիւնը պատրաստակամ է ստեղծելու բոլոր կարելիութիւնները Հայաստանի մէջ եւ ձեռնարկատիրութեամբ զբաղիլ փափքողներուն համար: