Արցախի Իշխանաձորը Հայրենադարձներու Համար Նախընտրելի Բնակավայր է


karabakh-life.am կայքը կը հաղորդէ, որ Քաշաթաղի շրջանի Իշխանաձոր համայնքին մէջ այս տարի ցանքի ատարածութիւնները կը կազմեն 500 հեքթար՝ ցանուած են գարի ու ցորեն։ 

Համայնքի ղեկավար Արսեն Թելունց Իշխանաձորի զարգացման կշռոյթները գերազանց կը համարէ. «Մեծ տարբերութիւն կը նկատուի վերջին տարիներուն։ «Թիւֆէնքեան» հիմնադրամին կողմէ երկու ընտանիքի համար բնակարան կառուցուած է։ «Թիւֆէնքեան» եւ «Քաշաթաղ» հիմնադրամներու միջոցներով կառուցուած է տասը բնակարաններ պարփակող շէնք, իսկ մայիսին շահագործման պիտի յանձնուի տասը տուն՝ ազգային վիճակահանութեան հասոյթով կառուցուած։ Ընդհանուր թիւով՝ վիճակահանութեան հասոյթով, Իշխանաձորին մէջ պիտի կառուցուի 37 բնակարան», կը տեղեկացնէ գիւղի ղեկավարը։

Իշխանաձորի զարգացման մասին կը հաստատէ նաեւ դպրոցին մէջ աշակերտներու քանակի աճը։ 2014-ին, 2013-ի համեմատ 15-ով աւելցած է դպրոցականներու թիւը։ Աճի նոյն կշռոյթները կը նկատուին նաեւ նախադպրոցական տարիքի երեխաներու մօտ»։ 2013-ին, տարիքային այդ խումբին մէջ, ունէինք քսանհինգ երեխայ, իսկ հիմա անոնց թիւը հասած է քառասունի»։

Համայնքի ղեկավարը կ՚ընդգծէ, որ նախադպրոցական հաստատութեան հարցը հրատապ կը դառնայ, յատկապէս, որ Իշխանաձորը շատ հայրենադարձներու համար նախընտրելի բանակավայր դարձած է. «Վերջին երկու շաբթուան մէջ տասը ընտանիք ընդունած ենք։ Փափաքողները շատ են։ Պարզապէս, մէկ անգամէն չենք կրնար բոլորին ընդունիլ։ Բնակելի տուներ չունինք, կան փլատակներ, որոնց վերանորոգման համար կառավարութիւնը կ՚օժանդակէ շինանիւթով։ Սակայն, համայնքին մէջ ընթացող բնակարանաշինութիւնը զգալիօրէն պիտի նպաստէ խնդիրի լուծման», կը վստահեցնէ համայնքի ղեկավարը։

Իշխանաձորը հայրենադարձները կը գայթակղեցնէ իր կլիմայական պայմաններով.«Հողը բերրի է, եղանակը բարեխառն, Արաքսը մօտիկ։ Աշխատող գիւղացիի տեղ է», կ՚ըսէ Արսեն Թելունց։

Նշենք, որ Իշխանաձորը 2013-ին ունէր 200 բնակիչ։ Այսօրուայ դրութեամբ բնակիչներու թիւը հասած է 244-ի։ Բնակավայրը ունի քաղաքի կարգավիճակ, սակայն, զբաղումի ոլորտը, հիմնականին մէջ, գիւղատնտեսութիւնն է։ 


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.