Եւրոնեսթի Վեհաժողովը Ցեղասպանութեան 100ամեակին Վերաբերող Բանաձեւ Հաստատեց


ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- Եւրոնեսթի խոր-հրդարանական վեհաժողովի չորրորդ լիագումար նիստի աշխատանքային օրուան աւարտին, արեւելեան գործընկերութեան պատուիրակները Ցեղասպանութեան 100ամեակին վերաբերող բանաձեւ ընդունեցին:
«Ոչ մի ցեղասպանութեան յանցագործութիւն մէկ օրում չի սկսւում ու աւարտւում, եւ միայն այն ժամանակ, երբ ցեղասպանութիւն իրականացրած ոճրագործն ընդունում է իր արարքը, կարելի է արդիւնք տեսնել: Թուրքիան սեփական պատմութիւնը խմբագրելու անյաջող փորձերով է տարուած», յայտարարած է հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Արտակ Զաքարեան:
Նիստը վարող համանախագահները նշած են, որ Եւրոպայի Ժողովրդավարական կուսակցութիւնը ամբողջութեամբ կը պաշտպանէ այս բանաձեւը:
Բանաձեւը ընդունուած է 33 կողմ, 4 դէմ եւ 0 ձեռնպահ ձայներով:

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.