Ամերիկայի Թուրքերը Հակահայ Քայլերու Կը Պատրաստուին
ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ իշխանամէտ «Սապահ» թերթը ներկայացուցած է վերջերս ամերիկահայերու կողմէ իրականացուած քանի մը կարեւոր նախաձեռնութիւններ, ապա անդրադարձած թրքական կողմի պատասխան գործողութիւններուն ու իրականացուելիք միջոցառումներուն:
Թերթը ուշադրութիւն հրաւիրած է հայկական կազմակերպութիւններուն իրականացուցած «Divest Turkey» արշաւին, որուն շնորհիւ, անցեալ ամիս, Պըրքլիի համալսարանը չեղեալ յայտարարեց Թուրքիոյ մէջ իր 74 միլիոն տոլարնոց ներդրումները: Հոն նշուած է նաեւ հայկական համայնքի ջանքերով Քալիֆորնիոյ մէջ Աթաթիւրքի արձանի տեղադրման ծրագիրի կասեցումը, յայտնի դերասան Ճորճ Քլունիիի մասնակցութեամբ իրականացուող Ցեղասպանութեան միջոցառումները եւ այլն:
Թրքական կողմի պատասխան քայլերէն նշուած է այս շաբաթ սկսող «Action Alert»ը, որուն նպատակն է դէմ դնել Նիւ Ճըրզի նահանգի խորհրդարանին ներկայացուած Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած բանաձեւին:
Ապրիլ 24ին ընդառաջ, Ամերիկայի թրքական կազմակերպութիւնները համացանցային ընկերային ցանցերու միջոցով գործի անցնելու կոչեր եւս կ՛ընեն թուրք բնակչութեան՝ անոնց նաեւ մղելով, որ մասնակցին Ապրիլ 24ին, Ուաշինկթընի թրքական դեսպանատան առջեւ թրքական կողմին ծրագրած հանրահաւաքին: Քարոզչական նպատակով սկսած է «#24nisandadcdeyiz» արշաւը:
Թրքական լոպիական ջանքերուն կը վերագրուի քոնկրեսական Պիլ Շուսթըրի ելոյթը, ուր ան կը պաշտպանէ այն թէզը, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման օժանդակելը կը հակասէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն: Նոյն վերագրումը կը կատարուի նաեւ նախկին քոնկրեսական Տեն Պարթընի գրած յօդուածին պարագային, ուր հեղինակը քննութեան տակ կ՛առնէ հայ-իրանեան մերձեցումը՝ զայն հակադրելով Ամերիկայի շահերուն: