Վերջին նամակը. Խաչիկ Գավանոսեանի նամակը իր կողակիցին 1915-ին


Օնորի Չընկրեան-Գավանոսեան Գահիրէի մէջ 

«Հորիզոն».- Սոյն նամակը մեզի փոխանցեց տիկ. Սօսի Չընկրեանը, որ տարիներ առաջ զայն գտած է իր հօրաքրոջ աղջկան Մարի Գավանոսեանի ընտանեկան արխիւներուն մէջ։ Նամակագիրն է  Օրտուցի Խաչիկ Գավանոսեան։ Նամակը ուղղուած է իր կողակիցին Օնորի Չընկրեան-Գավանոսեանին։ Նամակը գրուած է տարագրութեան ճամբուն վրայ, հաւանաբար հաւաքական բանտի մը մէջ։ Նամակագիրը՝ Խաչիկ Գավանոսեան, ձեւով մը թուղթ եւ մատիտ ճարած եւ գրած է իր վերջին նամակը։ Ուշագրաւ է, որ Գավանոսեան գիտէ իր ճակատագիրը եւ սակայն երբեք չանդրադառնար իր կեանքին սպառնացող մահուան։ Գիտնալով իր մօտալուտ մահը ան նամակին մէջ իր անսահման սէրը կ՚արտայայտէ իր կեանքի կողակիցին։ Նամակը ձեւով մը կը հասնի Խաչիկի կողակիցին։ Սօսի Չընկըրեանի տեղեկութիւններուն, Հօրաքոյրը՝ Օնորի Չընկրեան-Գավանոսեան պատմած է, թէ 1915-ի Յուլիսի 15-ին հաւաստի աղբիւրներէ տեղեկացած են, թէ օրտուցի տարագիրներու խումբը, որոնց հետ էր նաեւ Խաչիկ Գավանոսեան սպաննուած են թուրքերու կողմէ, Մերուտիէի մօտակայ անտառի մը մէջ։

 Օնորի Չընկրեան-Գավանոսեան (1894-1951) իր կողակիցի մահէն ետք, 1916-ի Յունուարին լոյս աշխարհ կը բերէ Խաչիկի միակ զաւակը՝ Մարի Գավանոսեան։  Օնորի մինչեւ 1929 կ՚ապրի Օրտուի մէջ, որմէ ետք կը հաստատուի Գահիրէ, ուր իր մահկանացուն կնքեց 57 տարեականին, 1951-ին։  Օնորի Գավանոսեան Խաչիկի սպանութենէն ետք, երբեք չէ ամուսնացած։ Նամակը կը հրատարակուի առաջին անգամ ըլլալով, ճիշդ այնպէս ինչպէս շարադրուած է 100 տարի առաջ։

 

Անմոռանալի Օնորի

     Սեւ սուգ է պատեր շուրջս, գանկիս մէջ գաղափարներու շարքը խանգարուած է, աչքերուս մէջ արցունքի աղբիւրները ցամքած, սիրտս յուզմունքներու եւ ցաւերու ովկէան մը դարձած է, կուլայ հոգիս եւ պիտի լայ մինչեւ վերջին շունչը.-

    Մայրիկս, իմ անբաղտ մայրիկս մեռաւ, մեռաւ բայց ինչպէս… ահ մայրասպան մեղաց, Աստուած անէծք թող կարդար իմ գլխուս, ես եղայ պատճառ, խեղճ մայրիկս, որչափ տառապեցար, մեծցուցիր որբտ, պատառ մը հալալ հաց ուտելու եւ հիմա տառապանքով, կարօտը սրտիտ, արցունքը աչքերուտ մէջ ծովամոյն եղար…ահ պիտի խելագարուիմ, ինչ զուլում է պատեր աշխարհ…անհուն է ցաւս, անչափելի է անոր խորութիւնը։

    Վշտիս այս անհունութեան մէջ, միայն քեզ ունիմ մխիթարիչ. միայն քու սէրտ էր որ յոյս կուտար, քաջութիւն կուտար ինծի ապրելու…։

     Կարծեմ 4 հատ նամակ պիտի ըլլայ քեզ գրածս, բայց դուն մէկ հատին իսկ չի պատասխանեցիր. արդեօք դո՞ւն ալ երես դարձուցիր ինձմէ հոգիս. եթէ դուն ալ ատեցիր զիս ուրեմն ինծի կը մնայ միայն ձեռքերս ծալլած ծոցիս մէջ, թափառական, աստանդական, լալով, ողբալով հետեւիլ խեղճ աքսորականներուն եւ վերջ տալ կեանքին. ատեցիր զիս հոգիս հէ՞, ատեցիր զիս. լաւ աղէկ կþընես, բայց ես կը սիրեմ եւ պիտի սիրեմ քեզ, պիտի պաշտեմ քեզ մինչեւ վերջին շունչս. նայէ աչքերուս մէջ, ով իմ հոգիիս հատորը տես ինչպէս սիրոյ ճառագայթներ կը ցոլան անկէ. ինչո՞ւ կը լռես. ինչո՞ւ աչքերդ խոնարհեցուցեր ես. անգամ մը երեսս ալ չես ուզեր նայիլ…։

Ցաւս մեծ է ճար չկայ 

Ճար կայ, ճարակ չկայ
Էս ինչ զուլում աշխարհ է
Սրտակից ընկեր չիկայ։

    Կը զառանցեմ, չեմ հաւատար, դուն չեն լքեր զիս, դուն կը սիրես զիս եւ պիտի սիրես զիս յաւիտեան. թերեւս ցաւիտ սաստկութենէն գրիչ շարժել չի կարողացար թերեւս  հիւանդ էիր, մխիթարուէ հոգիս, մխիթարուէ, որովհետեւ քեզի համար է որ միայն ապրիլ կը փափաքիմ, քեզմէ զատ աշխարհի վրայ ոեւէ յոյս չէ մնացած երգէ ու յիշէ զիս երբեմն.-

Սիրեցի եարս տարան 

Եարա տուին ու տարան
Էս ինչ զուլում աշխարհ է
Սիրտս պոկեցին ու տարան
Սարերի վրով գնաց
Իմ եարը խռով գնաց
Ոչ լոր էր նա ոչ կագաւ
Ձեռիցն թռաւ գնաց, գնա՜ց…

 

    Յիշէ զիս, խղճայ իմ վրայ, խղճայ որովհետեւ անբաղտ ծնայ, որբ ապրեցայ եւ թշուառ պիտի մեռնիմ, խղճա՛յ, որովհետեւ հազիւ ոտնակոխած կեանքի բուրաստանին մէջ, հազիւ ձեռքերս կարկառած ծաղիկներ քաղելու եւ վայելելու անոնց բուրումները. մեծ զուլումը եկաւ խորտակել ամբողջ երջանիկ երազներս եւ անապատ դարձուց այդ բուրաստանը։ »…« քեզ, ինծի համար երջանկութիւն չիկայ. տժբաղտ էի քեզ ալ տժբաղտացուցի. ներէ՛ ինձ, եթէ մեր ամուսնական շրջանին քեզ վիրաւորելու, քեզ վշտացնելու տխուր դիրքի մը մէջ գտնուած եմ, չե՞ս գիտեր որ սէրը անբիծ է եւ երկու սիրող սրտերու մէջ քենախնդրութիւն մուտք չի կրնար գործել։

    Թերեւս վերջին նամակս է որ կը գրեմ քեզ, վերջին կþըսեմ որովհետեւ յետ այսու թերեւս առիթը պիտի չունենամ գրիչ շարժելու, կեանքս կամ մահս գրուած հեռագիրներէն պիտի հասկնաք, եթէ ուշացաւ հեռագիրս մինչեւ 15 օր, նոյն ատեն ենթադրեցէք որ մեռած եմ. այն ատեն լաց վրաս, լաց վրաս, որովհետեւ այս օտար վայրերու մէջ, այս ղարիպ թափառականը ով գիտէ որ ձորի, որ սարին մէջ իր հոգին պիտի աւանդէ, այն ատեն սաապէս դարձող եւ վրաս աչք մը նետող մը իսկ պիտի չգտնուի։

    Պահէ սրտիդ վրայ այս նամակս իբրեւ յիշատակ, իբրեւ իմ ուրուականս եւ երգէ

Ախ սիրոյ ձի տու ինձ ասա 

Որ տեղ թողեր իմ եարը
Որ ձորի մէջ որ քարի տակ
Անտեր թողեր իմ եարը։

    Նամակս վերջացուցած հազիւ մրաբել սկսած էի, խորին երազիս մէջ տեսայ որ ձեռքս լլապտեր մը բռնած եմ, լապտերը բրթեցաւ կոթէն ինկաւ մարեցաւ, լոյսը յոյս է եւ իմ յոյսս տու ես. արդեօք գլխուտ փորձանք մը պատահեցաւ. եթէ ճշմարտապէս կը սիրես զիս առողջութեանդ հոգ տար, եթէ մեռած ես, ես ալ պէտք է մեռնիմ։

    Շատ կուզեմ գրել, շատ ու շատ սիրտս բանալ ամբողջապէս առջեւտ բայց սա անկարելի կþըլլայ, միթէ կþարտայայտուի անհունութիւնս։ 

    Վաղը կը մեկնինք, մնաք բարով։

Մէրուտիէ,

14 Յուլիս 1915



Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.