Սեպահաթ Թունճել «Քիչ Մը Լռէ» Կ՛ըսէ Նախագահ Էրտողանին
- (0)
«ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ՕՃԱԼԱՆԻՆ ՀԵՏ ԿԸ ԲԱՆԱԿՑԻ»
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան Պոլսոյ երեսփոխան Սեպահաթ Թունճել Մարտ 8ին, Կիներու օրուան առթիւ կազմակերպուած հանդիսութեան մը ընթացքին, ըրաւ շատ կծու ճառախօսութիւն մը՝ նախ քննադատելով նախագահ Էրտողանի ճառախօսութիւնները, ապա պնդելով, որ պետութիւնը Օճալանի հետ բանակցութեան նստած է, քանի որ կառավարութեան հետ բանակցող քրտական պատուիրակութիւնը Օճալանի անունով է որ կը բանակցի կառավարութեան հետ։ «Ռատիքալ» արձագանգ կը հանդիսանայ Թունճելի խօսքերուն, որովհետեւ Թունճել նախագահին «Ալ կը բաւէ, քիչ մըն ալ մի՛ խօսիր» ըսաւ։ Թունճել երկիրին մէջ կիներու դէմ գործուած բռնարարքներուն ու ոճիրներուն համար պատասխանատու նկատեց Էրտողանի եւ իշխող կուսակցութեան կողմէ կիներու նկատմամբ վարուած քաղաքականութիւնը։
Քիւրտ երեսփոխանուհին ըսաւ. «Էրտողան ամէն օր փողոց կ՛ելլէ եւ «կիները այրերուն հաւասար չեն» կ՛ըսէ։ Ան ամէն օր կիներուն հրահանգ կու տայ՝ «երեք զաւակ աշխարհ բեր, հինգ զաւակ աշխարհ բեր» ըսելով։ Ասոնք կը ջանան կինը բանտարկել տան խոհանոցին մէջ։ Մենք ասոր դէմ ապստամբած ենք։ Մենք Էրտողանին կ՛ըսենք՝ «Քիչ մը լռէ. լռէ՛ այլեւս, դուն այնքա՛ն ատեն կը խօսիս, այս երկրին մէջ այնքա՛ն կին կը մեռնի, այնքա՛ն կին կը չարչարուի։ Այս կառավարութիւնը Սոմայի մէջ հանքագործները հողին տակ թաղեց, բայց հողին վրայ իրեն համար պալատ կառուցեց։ Դուն այդ պալատին մէջ ինչպէ՞ս հանգիստ կը նստիս։ Մենք կ՛արտօնե՞նք, որ դուն հոն հանգիստ նստիս»։ Ան նաեւ անդրադարձաւ քրտական հարցի լուծման գործընթացին ու անգամ մը եւս քննադատեց կառավարութեան անբաւարար կեցուածքը՝ դիտել տալով, որ կառավարութիւնը միայն զէնքերը վար դնելու մասին կը խօսի, մինչ անդին՝ տասը յօդուածներու խնդիր մը կայ։ Եթէ այդ տասը յօդուածները լուծուին, եթէ քիւրտերու իրաւունքները ապահովութեան տակ դրուին, ապա զէնքերը արդէն ինքնաբերաբար վար կը դրուին, բայց կառավարութիւնը կը խուսափի այդ տասը յօդուածներուն մասին խօսելէ ու միայն կը ծանրանայ զէնքերը վար դնելու հրամայականին վրայ։
Թունճել այս խնդիրին մէջ ըրաւ ուշագրաւ մէջբերում մը եւս։ Ան ըսաւ, որ կառավարութիւնը այլեւս կը բանակցի Օճալանի հետ, որովհետեւ այն պատուիրակութիւնը, որուն հետ կառավարութիւնը կը բանակցի, արդէն կը խօսի Օճալանի անունով։ Ան այս կերպով պատասխանեց կառավարական այն շրջանակներուն, որոնք միշտ կը պնդեն, թէ պետութիւնը Օճալանին հետ չի բանակցիր։
