Հոլանտ Կ՛ուզէ Դրական Լուծում Տալ Արցախի Հակամարտութեան. Մուրատ Փափազեան


ԵՐԵՒԱՆ, «168 Ժամ».– ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան «168 Ժամ»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով Ֆրանսայի երեք խորհրդարանականներուն հրապարակած յայտարարութեան ու այն հարցին, թէ Ֆրանսան պատրա՞ստ է անսալու խորհրդարանականներու առաջարկներուն, ըսած է. «Ղարաբաղեան հակամարտութեան մէջ, բացի միջնորդական առաքելութենէն, Ֆրանսան նաեւ այլ նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գայ»։
Յիշեցնենք, որ Ֆրանսայի խորհրդարանի Ֆրանսա-Ղարաբաղ բարեկամութեան խմբակի երեք անդամներ հանդէս եկած էին յայտարարութեամբ մը՝ ի նպաստ Արցախի միջազգային ճանաչման: Յայտարարութեան հեղինակներէն երկուքը ծերակուտականներ են՝ Սոֆի Ժուասեն եւ Միշել Ամիէլ, իսկ երրորդը Պուր լը Վալանսի քաղաքապետ Մարլէն Մուրիէն է:
Մուրատ Փափազեան նշած է, որ Ֆրանսայի կառավարութիւնը՝ ի դէմս նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի, կը փափաքի աշխոյժ դերակատարութիւն ստանձնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջնական կարգաւորման հարցին մէջ ընդհանրապէս՝ անկախ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահ երկիր ըլլալու եւ այդ միջոցով գործելու հանգամանքէն: Քանի որ Ֆրանսայի հայկական գաղութին կողմէ մեծ ճնշում կայ իշխանութիւններուն վրայ, ֆրանսահայերը կը պահանջեն Ֆրանսայէն՝ գործել ի նպաստ Լեռնային Ղարաբաղի եւ հայկական կողմին: Ուստի, ըստ Մուրատեանի, Ֆրանսուա Հոլանտ հետամուտ է, որ դրական լուծում գտնուի Ղարաբաղի հարցին առնչութեամբ:
«Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչումը ներկայիս ամէնէն ճիշդ ուղին է մեզի համար, որովհետեւ այդպիսով Ղարաբաղի ժողովուրդին կամքը կ՛արտայայտուի, իսկ ժողովուրդին կամքը պէտք է յարգել: Որոշ ժամանակ կը պահանջուի, որպէսզի դիւանագիտօրէն ընդունուի այս առաջարկը, որ կրնայ բանալին դառնալ հակամարտութեան կարգաւորման: Սակայն պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբին մէջ կան նաեւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու համանախագահներ, ուստի Ֆրանսան կրնայ դերակատարութիւն ունենալ այս հարցին մէջ, բայց առանձինն չի կրնար որեւէ բեմագրութիւն յառաջ տանիլ։ Այս ուղղութեամբ մնայուն եւ հետեւողական աշխատանք պէտք է կատարուի», ըսած է Մուրատ Փափազեան։
Ան դիտել տուած է, որ ինք չի կրնար խօսիլ Ֆրանսայի կառավարութեան անունով եւ ըսել, թէ արդեօք նախատեսելի՞ է, որ Ֆրանսան ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: «Գիտեմ, որ կ՛ուզեն յարգել հայկական կողմին դրդապատճառները, հիմնաւորումները, բայց պէտք է նաեւ լուծում գտնել, որպէսզի միջազգայնօրէն ճանչցուի Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը: Կան օրինակներ, ինչպէս՝ Քոսովոյի օրինակը, մեզի համար ատիկա կարեւոր է, մենք պէտք է միշտ ճնշում բանեցնենք, որպէսզի Ղարաբաղի ժողովուրդին կամքը յարգուի: Գիտեմ, որ այդ ուղղութեամբ աշխատանք կայ, եւ նախագահ Հոլանտ կ՛ուզէ դրական լուծում տալ այդ հարցին: Բայց չեմ կրնար ըսել՝ կառավարութիւնը կո՞ղմ է այս հանգրուանին Ղարաբաղի անկախութեան, թէ ոչ: Ֆրանսան անկէ առաջ կ՛ուզէ, որ Լեռնային Ղարաբաղը դառնայ բանակցութիւններու լիարժէք կողմ, եւ այդ ուղղութեամբ իրենց կարծիքը յայտնած են Ֆրանսայի բարձրաստիճան ընկերվարական պաշտօնեաները: Յոյս ունին, որ յառաջիկային Լեռնային Ղարաբաղ մաս պիտի կազմէ բանակցութիւններուն, իսկ անկախութեան ճանաչման հարցը աւելի հեռակայ խնդիր է», եզրափակած է Փափազեան։ Հարցազրոյցը կատարած է «168 Ժամ»ի լրագրող Արաքս Մարտիրոսեան։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.