Թուրքիա Կը Շարունակէ Պայքարիլ Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Դէմ. Տաւութօղլու
- (0)
ՊՈԼԻՍ, «Հապերլեր».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Մարտ 3ին այցելած է Փորթուկալի մէջ սպաննուած թուրք դիւանագէտներու յուշարձանը՝ պնդելով, թէ Անգարա չի մոռանար իր դիւանագէտները, միաժամանակ խոստանալով շարունակել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու պայքարը։ «Թուրքիա պիտի պայքարի 1915ի իրադարձութիւններու քարոզչութեան դէմ, զորս հայերը կը ներկայացնեն իբրեւ ցեղասպանութիւն», ըսած է ան: