Լրագրող Մարգար Եսայեան՝ Թուրքիոյ Իշխող Կուսակցութեան Պատգամաւորի Թեկնածու
1452
0
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Թրքական «Աքշամ» թերթը գրած է, թէ յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար, իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը որոշած է թեկնածու առաջադրել «Ենի Շաֆաք» թերթի հայ լրագրող Մարգար Եսայեանը: Եթէ Մարգար Եսայեան ընտրուի, ապա ան պիտի դառնայ իշխող կուսակցութեան առաջին հայ պատգամաւորը:
Նշենք, որ Թուրքիոյ հերթական խորհրդարանական ընտրութիւնները պիտի կայանան Յունիս 7ին: