Թուրքիոյ Մէջ Արգիլուած Է Armeniangenocide100.org Կայքը


Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովի որոշմամբ ստեղծուած
Armeniangenocide100.org կայքը արգիլուած է Թուրքիոյ մէջ:
«Փանորամա»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս օրերուն Թուրքիա գտնուող տեղեկատուական արհեստագիտութեան անվտանգութեան ոլորտի մասնագէտ Սամուէլ Մարտիրոսեան եւս հաստատած է Թուրքիոյ մէջ կայքին արգիլուած ըլլալը։
Մասնագէտը փորձած է այնտեղէն մտնել կայք, սակայն ապարդիւն: Աւելի՛ն, Մարտիրոսեան տեղեկացուցած է, որ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած է նաեւ իր անձնական պլոկի հասանելիութիւնը:
Յատկանշական է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին Թուրքիան կեղծ քարոզչական թէզերով փորձ կ՛ընէ միջազգային հանրութիւնը մոլորելցնել՝ խօսելով «ընդհանուր ցաւի եւ 1915 թուականի իրադարձութիւններու քննարկամ համար բաց ըլլալու» մասին, իսկ սեփական իր քաղաքացիներն ու Թուրքիոյ տարածքին գտնուողները կը զրկէ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ այլընտրանքային, փաստարկուած տեղեկատուութիւն ստանալու կարելիութենէն:
Թրքական իշխանութիւններու այս քայլը ոչինչ է, եթէ ոչ խօսքի ազատութեան եւ տեղեկատուութեան ազատ ստացման հիմնարար իրաւունքներու կոպտագոյն խախտում: Թուրքիան ո՛չ միայն կը շարունակէ Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը, այլ նաեւ հաւատարիմ կը մնայ խօսքի եւ մամուլի ազատութեան սահմանափակման իր աւանդական դարձած գործելաոճին, որուն մասին բազում անգամներ խօսուած է մամուլի ազատութեան վերաբերող միջազգային զեկոյցներուն եւ գնահատականներուն մէջ:
Armeniangenocide100.org-ը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամ-եակի նախաձեռնութիւններու պաշտօնական կայքն է, անիկա հասանելի է երեք լեզուներով՝ հայերէն, ռուսերէն, անգլերէն եւ բաղկացած է տարբեր բաժիններէ։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.