Միսաք Մանուշեան (1906-1944)
Հայ բանաստեղծ եւ Բ. աշխարհամարտի ֆրանսական Դիմադրութեան շարժման գործիչ Միսաք Մանուշեան ծնած է Ատիյաման (Արեւմտյան Հայաստան) 1906-ին: Ծնողները կը զոհուին Մեծ եղեռնի օրերուն: Հրաշքով փրկուած Միսաքն ու եղբայրը կը հասնին Սուրիա։ 1920-ական թուականներու սկիզբը կ՚ապաստանի Լիբանանի Ճիւնի քաղաքի հայկական որբանոցը, ուր կը ստանայ իր կրթութիւնը: 1925-ին կը տեղափոխուի Ֆրանսա: 1932-ին Ա. Սեմայի հետ լոյս կ՚ընծայէ «Ջանք» գրական-գեղարուեստական հանդեսը:
Ֆրանսայի համայնավար կուսակցութեան անդամ կը դառնայ 1933-ին: Շուտով կը դառնայ կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ։
1935-37 կը խմբագրէ «Զանգու» շաբաթաթերթը: Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի ժամանակ (1939-1945) կը մասնակցի գերմանական ուժերու դէմ ֆրանսական դիմադրական զինեալ պայքարին: 1943-ի Մարտին կը նշանակուի «Սթալինկրատ» ջոկատի հրամանատար, իսկ նոյն տարուան Մայիսին` կը նշանակուի Փարիզի ու Փարիզի շրջանի հայդուկային ջոկատներու հրամանատար:
1943-ի Նոյեմբեր 16-ին մատնութեան պատճառով կը ձերբակալուի եւ երեք ամիս անց, Փետրուար 21-ին, կը գնդակահարուի իր 22 մարտական ընկերներուն հետ:
1946-ին (յետ մահու) Փարիզի մէջ լոյս տեսած է իր բանաստեղծութիւններու ժողովածուն, որ վերահրատարակուած է Երեւանի մէջ` «Իմ երգը» (1956) խորագրով: Պարգեւատուած է Ֆրանսայի «Պատուոյ լեգէոն» պետական բարձրագոյն շքանշանով (յետ մահու): Մանուշեանի անունով փողոցներ կան Փարիզի, Մարսէյլի, եւ Առնուվիլի մէջ, ինչպէս նաեւ իր անունով դպրոցներ` Երեւանի եւ Գիւմրիի մէջ:
«Հիմա կը մեռնիմ ընկերներուս հետ` արիաբար և մարդու մը գիտակցութեամբ, որուն խիղճը հանգիստ է, քանզի ոչ ոքի չարիք չեմ պատճառած: Ես կամաւոր մտած եմ Ազատագրական բանակի շարքերը և կը մեռնիմ յաղթանակի շէմին»
Մահապատիժէն առաջ Միսաք Մանուշեանի վերջին նամակի տողերէն՝ ուղղուած իր կնոջ եւ մարտական գործակից Մելինէ Մանուշեանի:
Ինչպէս տասնամեակներէ ի վեր, այս տարի եւս նախաձեռնութեամբ Ֆրանսահայ Երիտասարդական Միութեան (ԺԱՖ), Ֆրանսահայ Մշակութային Միութեան, Հայ Նախկին Ռազմիկներու եւ Դիմադրականներու Միութեան տեղական մասնաճիւղերուն, Շաբաթ Փետրուար 21-ի առաւօտեան ժամը 10-ին ոգեկոչուեցաւ Միսաք Մանուշեանի եւ դիմադրական իր 22 ընկերներու գնդակահարման 71րդ տարելիցը։ Հակառակ աննպաստ օդին բազմութիւն մը հաւաքուեր էր 1984էն ի վեր Մանուշեանի անունը կրող պուրակին մէջ, ուր նաեւ 2004էն ի վեր զետեղուած է անոր Հայաստանի մէջ շինուած կիսանդրին։