Չիչեք կոչ կ՚ուղղէ Գանատայի թուրքերուն միաւորուիլ


Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Ճեմիլ Չիչեքը Գանատա նիր այցելութեան ընթացքին հանդիպում  ունեցած է Օթթաուայի և Մոնթրէալի թրքական համայնքներու ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին Չիչեքը դժգոհած է թրքական սփիւռքէն և քննադատած է Հայկական սփիւռքը: Ան կոչ ուղղած է գանատացի եւ սփիւռքի թուրքերուն միաւորուիլ։ Այս մասին կը հաղորդէ «Հապեր 7» լրատուական կայքը։

Ըստ Չիչեքի՝ Հայկական սփիւռքը ամէն առիթով Թուրքիան սևցնելու քաղաքականութիւն կը վարէ և այդ առումով Գանատան բաւական կարևոր երկիր է: «Կարելի չէ ըսել` «որոշումը արդէն ընդունուած է» ու տեղը նստիլ: Անպայման պէտք է ըլլան նոր նախաձեռնութիւններ, նոր ջանքեր: Մենք պատրաստ ենք որեւէ տեսակի առաջարկի, որով կարելի կ՚ըլլայ բոլոր կողմերէն բացայայտել այդ պատմական իրադարձութիւնները: Մենք մեր արխիւները բացած ենք, միւսներն ալ թող բանան: Մեր պատմութեան մեջ սևերես ընող ոչինչ չկայ, մեր ճակատը բաց է: Մենք յանցաւոր անցեալ չունեցող ազգ ենք», – ըսած է Չիչեք:


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.