«Ադրբեջանցի Դիւերսանտների Վերադարձի Հարցը Փակուած Է». Դաւիթ Բաբայեան
- (0)
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».– Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Դաւիթ Բաբայեան «տարօրինակ» բառով որակած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Վիքթորիա Նիւլընտի կոչը՝ ատրպէյճանցի հետախոյզ-ներթափանցողները վերադարձնելու վերաբերող։
Ի պատասխան «Թերթ»ի թղթակիցին այն հարցումին, որ եթէ ատրպէյճանական կողմը դիմէ, կրնա՞յ ըլլալ, որ հետախոյզները վերադարձուին՝ Դաւիթ Բաբայեան հաստատած է. «Չեմ կարծում, դա հնարաւոր չէ, մենք արդէն մեր դիրքորոշումը յայտնել ենք»:
Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Ճեն Փսաքի կրկնած էր Վիքթորիա Նիւլընտի յայտարարութիւնը՝ հետախոյզ-ներթափանցողները մարդասիրական դրդապատճառներով Ատրպէյճանին վերադարձնելու անհրաժեշտութեան մասին եւ աւելցուցած. «Նման մարդասիրական քայլ մը պիտի նուազեցնէ ճնշումն ու վստահութիւն պիտի կառուցէ կողմերուն միջեւ»:
Դաւիթ Բաբայեան «տարօրինակ» բառով որակած է ամերիկեան կողմին առաջարկը՝ ըսելով, որ շատ աւելի կարեւոր հարցեր կան, սակայն ատրպէյճանական կողմը կեդրոնացած է այս հարցին վրայ:
«Նոյն Ադրբեջանը, որ հերոսացնում է Սաֆարովին, բայց չգիտես ինչու որեւէ նման կոչ չի եղել, իսկ հիմա ադրբեջանական լոբբին անընդհատ ինչ-որ փորձեր է անում: Կարծում եմ՝ հարցը փակուած է: Վաղուց փակուած է: Մեր կողմից եղել է մարդասիրական մեծ դրսեւորում եւ տեղի է ունեցել ժողովրդավարական երկրին վայել, բաց, թափանցիկ դատավարութիւն», ըսած է Դաւիթ Բաբայեան:
Յիշեցնենք, որ քանի մը օր առաջ՝ անդրադառնալով Վիքթորիա Նիւլընտի Պաքուի մէջ կատարած յայտարարութիւններուն, Դաւիթ Բաբայեան կասկած յայտնած էր այն մասին, որ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները խեղաթիւրած են Նիւլընտի խօսքը եւ կէսկատակ աւելցուցած, որ պատրաստ են անոնցմէ մէկը փոխարինել Սաֆարովի հետ:
