Հակահայ Պատգամով Պաստառներ Պոլսոյ Մէջ
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Տեմոքրաթհապեր» լրատու կայքը արձագանգ կը հանդիսանայ վերջին քանի մը օրերուն ընթացքին Գատըգիւղի մէջ եւ հայկական Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մօտ ծայրայեղ ազգայնամոլ գրգռիչներու կողմէ՝ Խոջալուի դէպքերուն պատրուակով կատարուած ցոյցերուն, որոնց ընթացքին դարձեալ պարզուեցան հայերու դէմ ատելութիւն սերմանող վերտառութիւններ։
Նմանօրինակ ատելավառ վերտառութիւններ պարզուեցան նաեւ Մուղլայի, Մանիսայի եւ Օրտուի նման քաղաքներու մէջ։ Դիտել կը տրուի, որ «Կենչ Աթսըզլար» անունով կազմակերպութիւն մը պարզած է այնպիսի ատելավառ վերտառութիւններ, որոնք ապագային կրնան Թուրքիոյ դէմ գործածուիլ որպէս Հայկական Ցեղասպանութեան փաստ։ Այդ վերտառութիւններուն մէջ կը կարդացուէին հետեւեալ չափազանց մտահոգիչ նախադասութիւնները. «Շնորհաւոր ըլլայ մեր հայրենիքը հայերէ մաքրագործելու 100րդ տարեդարձը։ Մենք հպարտ ենք մեր անմահանուն նախնիներով»։ Այս վերտառութիւնները երկար ժամանակ մնացին իրենց տեղերը, իսկ ժողովուրդը զարմացաւ այն բանէն, որ գրգռելու կոչուած այս վերտառութիւներուն կապակցութեամբ պետական մարմիններ միջամտութիւն չըրին զանոնք անմիջապէս վերցնելու ու զանոնք կախողները հարցաքննելու ուղղութեամբ։
Դիտել տրուեցաւ նաեւ, որ Մուղլայի մէջ կախուած վերտառութիւնը զետեղուած էր Երիտասարդական ու մարզական նահանգային տնօրէնութեան շէնքին դիմաց։
Խոջալուի դէպքերուն պատրուակով կազմակերպուած ցոյցերէն մէկն ալ եղաւ Կալաթասարայի մէջ, ուր Հրանդ Տինքը սպաննող Օկիւն Սամասթի ի նպաստ լօզունգներ արձակուեցան։
Մարդկային իրաւունքներու միութիւնը, լսելով, որ Գատըգիւղի մէջ հայերու եւ քիւրտերու դէմ ցոյցեր պիտի կատարուին՝ Պոլսոյ կուսակալութեան դիմած էր, որպէսզի ապահովական միջոցառումներ որդեգրուին Գատըգիւղի մէջ, ուր խանութպաններն ալ կը հրաւիրուէին մասնակցելու հայերու դէմ կազմակերպուած ցոյցերուն։
Կուսակալութիւնը պատասխանեց, որ նմանօրինակ ցոյցի մը համար արտօնութեան դիմում չէ կատարուած։ Բայց այս առիթով, Սէօղիւթլիւչեշմէի քաղաքապետարանին շուրջ ու «Մարմարա» համալսարանի համալիրէն ներս ծայրայեղ խմբակներու կողմէ հայերու դէմ վերտառութիւններ պարզուեցան՝ Խոջալուի կապակցութեամբ։
Հաղորդուեցաւ, որ Պոլուէն ու Գոճաէլիէն ու Պոլսոյ մերձակայ քաղաքներու կուսակալութեան շէնքերէն մեկնող հանրակառքերով Գատըգիւղ փոխադրուած էին ցուցարարներ։ Անոնք մէկ կողմէ քիւրտերու դէմ կը պոռային, իսկ միւս կողմէ հայերու դէմ վերտառութիւններ կը պարզէին։
Հետաքրքրական է, որ «Կենչ Աթսըզլար» կազմակերպութեան կողմէ պարզուած վերոյիշեալ վերտառութիւններուն առիթով, թրքական մամուլը Փետրուար 24ին գրեց, թէ անոնք ապագային կրնան գործածուիլ որպէս փաստ այն մասին, թէ հարիւր տարի առաջ «հայերու մաքրագործում կատարուեցաւ»։ «Ասիկա յստակ խոստովանութիւն մըն է», ըսին մամլոյ շրջանակները։