Փետրուարեան Ապստամբութեան եւ Արցախեան Ազատամարտին նուիրուած հանդիսութիւն Թորոնթոյի մէջ


«Հայ լինելը հպարտութիւն է, հայ լինելը մեծութիւն է, Հայ լինելը տեսակը պահելու խնդիր է:Իսկ տեսակը պահուում է երբ հպարտ ես քու տեսակով»:

Արմինէ (Դուշման) Ստեփանեան

  20 փետրուար 2015: Թորոնթոյի Հայ Կեդրոն:Հոծ բազմութեամբ լեցուն սրահէն կը լսուէին ազգային յեղափոխական երգերու դասական մեղեդիներ: Մեղեդին դադրեցաւ: Բեմ բարձրացան ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» պատանեկան միութիւններու բանակը, որու Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներու երգեցողութեամբ, բացուեցաւ Փետրուարեան Ապստամբութեան եւ Արցախեան Ազատագրական Պայքարի սկզբանաւորման նուիրուած ձեռնարկը:

 Հանդիսավարն էր պատանի Արիանէ Ղազարեան: Ան հակիրճ պատմական մը տուաւ 1921ի Փետրուարեան Ապստամբութեան եւ 1988ին ծայր առած Արցախեան Ազատագրական Պայքարին, ու եզրափակեց ըսելով՝ «Մենք կը խոստանանք որ մեր պատմութիւնը վառ պահելով, պիտի պայքարինք օտարամոլութեան վտանգին դէմ, հակահայ թրքական եւ ազերիական քարոզչութեան դէմ, եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գործունէութիւնը քննադատող ու անոր դէմ քար դնողներուն դէմ, պատանի՛ մեր տարիքէն»:

Լուսանկարները՝ Իշխան Ղազարեանի

 Ղազարեան հրաւիրեց «Ռոստոմ» Պատանեկան միութեան կրտսեր պատանի՝ Ալանա Վայս, որ ապրումով ասմունքեց Համաստեղի «Հայու Ոգին»: Ապա, «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան երէց պատանիները հանդէս եկան «Համազասպի երգը» եւ «Պատանիներ» երգերով, որուն յաջորդեց ՀՅԴ ԳԵՄի «Սիմոն Զաւարեան» Մասնաճիւղի պատրաստած՝ օրուան խորհուրդը ներկայացնող «ՀՅԴաշնակցութեան Փետրուարները» խորագիրով տեսերիզը, որ կը ներկայացնէր Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վախճանին տուն տուող պատճառները, Սովետական Հայաստանի անհանդուրժելի իրավիճակը որ պատճառ դարձաւ համաժողովրդային Փետրուարեան ապստամբութեան ու անոր խորհուրդէն ներշնչուած՝ Արցախեան ազատագրական պայքարի պատմականը, հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Տեսերիզը վեր կ’առնէր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խաղցած մեծ դերը, զոյգ պայքարներու ընթացքին: Տեսերիզի աւարտին, «Ռոստոմ» Պատանեկան միութեան ընկերները երգեցին «Ղարաբաղ իմ» եւ «Գետաշէն» երգերը:

 1946 թուականին, Անդրանիկ Ծառուկեան գրած էր նամակ մը՝ ի պատասխան պոլշեւիկ Գէորգ Աբովին որ բանաստեղծութեամբ մը կը վարկաբեկէր Դաշնակցութիւնը: «Թուղթ Առ Երեւան»ի երաժշտական ընթերցումը կատարեցին «Քրիստափոր» Պատանեկան միութենէն՝ Մհեր Գարաճեան, Արամ Խաչիկեան, Վանի Եագուպեան, Դրօ Իսմայիլի, Կասիա Թաթիկեան եւ Սեւանա Պէքմէզեան: Ներկայացումը արժանացաւ ներկաներու բուռն գնահատանքին:

Ապա, Ղազարեան յայտնեց որ բանախօսը կամքէ անկախ պատճառներով չէր կրցած ներկայ գտնուիլ: Ազատամարտիկ՝ Դուշման Վարդանի քոյրը՝ ուսուցչուհի Արմինէ Ստեփանեանի խօսքը ներկայացուեցաւ տեսերիզով: Ստեփանեան վեր առաւ Հայրենիքի կարեւորութիւնը, շեշտեց որ Արցախը Հայաստան է, եւ թէ հայը կը սնանի միայն իր հայրենի հողէն: Ստեփանեան շեշտեց որ Արցախը հայու լինելութեան գրաւականն ու երաշխիքն է եւ Արցախով ամբողջ հայութեան հարցը կրնայ լուծուիլ: Իր խօսքի աւարտի, Ստեփանեան ուժ, զօրութիւն, կորով յաջողութիւն մաղթեց գանատահայութեան ըսելով՝ «Ապրէ՛ք ու արարէ՛ք, ապրէ՛ք հապարտութեամբ, հպարտացէ՛ք ձեր հայի տեսակով: Հայ լինելը հպարտութիւն է, հայ լինելը մեծութիւն է, Հայ լինելը տեսակը պահելու խնդիր է: Իսկ տեսակը պահուում է երբ հպարտ ես քու տեսակով»:

 Ստեփանեանի յուզիչ ու ոգեւորիչ խօսքերով, ձեռնարկը հասաւ իր աւարտին, ու փակուեցաւ ՀՅԴաշնակցութեան «Մշակ Բանուոր» Քայլերգի միացեալ երգեցողութեամբ:

 ՀՅԴ Սողոմոն Թէհլիրեան Կոմիտէութեան հովանաւորութիւնը վայելող եւ ՀՅԴ ԳԵՄի «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղի եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» եւ «Ռոստոմ» Պատանեկան միութիւններու կազմակերպած այս ողջունելի ձեռնարկը ապացուցեց որ դաշնակցական պայքարի ու յեղափոխութեան ոգին լաւապէս փոխանցուած է սերունդէ սերունդ եւ վստահեցուց որ կարելի է ապաւինիլ իր պատմութիւնը յիշող ու իր դատը պաշտպանող պատանիներուն ու երիտասարդներուն:

 Խաժակ


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.