62 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ի նպաստ Գանատայի Հայ Դատի յանձնխումբի աշխատանքներուն

Նոյեմբեր 25-ին, Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի յաձնախումբի կազմակերպութեամբ Վանգուվըրի մէջ կայացաւ յատուկ նուիրահաւաք՝ ի նպաստ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն։

Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամաբերն էր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Ուախինկթընի գրասեանեակի հաղորդակցութեանց վարիչ Էլիզապէթ Չուլճեան, որ ներկայացուց Ուաշինկթընի եւ ԱՄՆ տարբեր տարածքներու մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու աշխատանքային ծիրը։ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պելեան խօսեցաւ Գանատայի մէջ կատարուող աշխատանքներուն մասին։ Խօսք առաւ նաեւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ ներկայացուց Հայ Դատի աշխատաքներու աշխարհաքաղաքական ընդհանուր ծիրը։

Հանդիսութեան ներկայ էր Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ճօ Փեսչիսոլիտօ։ Նուիրահաւաքի ընթացքին 62 հազար տոլար հանգանակուեցաւ Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքներուն համար։ Գանատայի տարածքին Հայ Դատի յանձնախումբի ի նպաստ նուիրահաւաքի հանդիսութիւնները պիտի շարունակուին։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.