Օրբելի Համբարձումեան Վնասուածք Ստացաւ
1063
0
Ինչպէս ծանօթ է, ուսումնամարզական հաւաք կատարելու նպատակով Անթալիա մեկնեցաւ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի խումբերէն Բանանց:
Անոր հետ հաւաքին մասնակցեցաւ նաեւ Օրբելի Համբարձումեան, որ սակայն փորձերէն մէկուն ընթացքին վնասուածք ստացաւ:
Քննութիւններէն ի յայտ եկաւ, որ իր ստացած այդ վնասուածքին պատճառով, ան պիտի չկարենայ շարունակել ուսումնամարզական հաւաքը:
Ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ֆութպոլիստը վերադարձաւ Հայաստան` նկատի ունենալով, որ անոր բուժումը պիտի կատարուի Երեւանի մէջ: