Ամօթ Կը Զգանք Մեր Նախահայրերուն Կողմէ Հայ Եւ Ասորի Ժողովուրդներուն Դէմ Կատարուածներուն Համար. Ահմետ Թիւրք


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Մարտինի քաղաքապետութեան համանախագահ Ահմետ Թիւրք Թուրքիոյ մէջ Յունիս 6ին կատարուելիք ընտրութիւններու նախապատրաստութեանց առնչութեամբ ճառ մը տուաւ Համպուրկի մէջ։ Թիւրք ըսաւ, որ իրենք երախտագիտութեամբ կը յիշատակեն բոլոր այն հերոս նահատակները, «որոնք մեզի հասցուցած են այս օրերուն»։
«Թուրքիոյ մէջ ժողովրդավարական ուժերու հետ նոր ապրելակերպի մը հիմը պիտի դնենք։ Ասիկա կը նշանակէ հայ, ասորի եւ եզիտիներու հետ ազատական վարչաձեւի նոր կառոյց մը հաստատել։ Մեր բոլոր ջանքերը կը միտին ժողովուրդներուն միջեւ եղբայրական մթնոլորտ մը կառուցանելու։ Մեր նախահայրերուն կողմէ հայ եւ ասորի ժողովուրդներուն դէմ կատարուած իրողութիւններուն դիմաց ամօթ կը զգանք։ Մենք աղքատութեան եւ չքաւորութեան հետ ծանօթացանք այն ատեն, երբ հայերը եւ ասորիները լքեցին այս հողերը։ Անոնք մեր երկիրի հարստութիւնը կը կազմէին», ըսաւ քաղաքագէտը։
Թիւրք ըսաւ, որ հարիւրամեակ մը առաջ Թուրքիոյ մէջ տիրած մտայնութիւնը կը շարունակէ տիրապետող ըլլալ մինչեւ այսօր՝ աւելցնելով, որ «դժբախտութիւն է հաստատել սակայն, որ 1914-1915 թուականներուն, պետութեան կողմէ առնուած որոշումները գործադրուեցան քիւրտ ժողովուրդին կողմէ»։
Թիւրք յայտնեց, որ ժողովուրդներու ազատութեան համար զէնքը այլեւս բաւարար չէ։ Զէնքին առընթեր, քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւն պէտք է կիրարկել։ «Պատերազմով մեր ձեռք բերած հարստութիւնը քաղաքականութեան սեղանին վրայ կրնանք կորսնցնել։ Թուրքիոյ ժողովուրդին հանդէպ մեր զգացած պատասխանատուութեան հարկադրութեամբ պիտի մասնակցինք ընտրութիւններուն։ Այսքան մաքառումներէ եւ կորուստներէ ետք, եթէ ընտրութեան պատնէշը չանցնինք, ատիկա պիտի ըլլայ անարգանք մեր նահատակներուն եւ իբրեւ սեւ մուր՝ պիտի մնայ մեր ճակատին։ Ընտրութեանց պատնէշը եթէ չկարենանք անցնիլ, ապա ատոր հետեւանքները պիտի կրէ նաեւ պետութիւնը։ Այն ատեն, մենք պիտի ստիպուինք մեր ճակատագիրը մեր ձեռքով կերտելու։ Ատկէ անդին պատահելիքներուն մասին թող պետութիւնը մտածէ», ըսաւ Թիւրք։


Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.