Տաւութօղլու Դժգոհ Է Հայկական Եւ Հրէական Լոպիներէն


ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու իշխող կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան ժողովին ընթացքին անդրադարձաւ փոքրամասնութիւններու վիճակին՝ պնդելով, որ հանրապետութեան շրջանի որեւէ հանգրուանի, փոքրամասնութիւնները այնքա՛ն մօտիկ ուշադրութիւն չեն տեսած իշխանութիւններէն, որքան վերջին 13 տարիներուն ընթացքին։
«Փոքրամասնական համայնքները գոհ են իշխանութիւններու վերաբերմունքէն։ Փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ուշադրութիւնը մեր պարտականութիւնն է։ Անոնք մեր հայրենակիցներն են», ըսաւ ան՝ ընդգծելով, որ առանց կրօնքի կամ ազգային խտրականութեան, բոլորն ալ երկիրի համահաւասար քաղաքացիներն են։
Նոյն ելոյթին ընթացքին, Տաւութօղլու անդրադարձաւ նաեւ «Նիւ Եորք Թայմզ»ի մէջ հրապարակուած յօդուածի մը, ուր կը պնդուի, թէ փոքրամասնական համայնքներու իրաւունքները կ՛ոտնահարուին։
«Ինչո՞ւ կը կատարուին այսպիսի ցեխարձակումներ։ Պատճառը յայտնի է, որովհետեւ 24 Ապրիլը կը մօտենայ եւ Ուաշինկթընի մէջ լոպիները զօրաշարժի անցած են։ Հայկական լոպին զօրաշարժի անցած է, հրէական լոպին արդէն իսկ զօրաշարժի անցած էր՝ Պաղեստինի հարցով։ Մենք ալ անգամ մը եւս կը յայտարարենք, թէ այնքան ատեն, որ Պաղեստինի շրջափակումը կը շարունակուի, Թուրքիա պիտի շարունակէ կանգնիլ լոպիական բոլոր շարժումներուն դէմ», շեշտեց Տաւութօղլու։

Leave a Comment

You must be logged in to post a comment.